Հալէպ – Լաւ Չենք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մանուէլ Քէշիշեան

Որքա՜ն լաւ էին ամրան ամիսները. Ջուր կար, ելեկտրականութիւն կար, կազ կար, շատ քիչ էին քաղաքին վրայ արձակուող հրասանդներն ու հրթիռները, մեծ յոյս ունէինք որ պետական զօրքերը պիտի ազատագրէին նաեւ Իտլիպը, Հալէպ Դամասկոս միջազգային ճամբան պիտի բացուէր, թերեւս, թերեւս ալ շուտով պիտի վերսկսէր աշխատիլ Հալէպի օդակայանը եւ Հայաստան երթալ-գալու համար պէտք պիտի չ’ըլլար երկար տաժնակիր ժամեր ճամբորդել անսարք եւ անցարգելներով վխտացող ճանապարհներով…

Յոյսեր, յոյսեր եւ..

Թուրքիան զաւթեց հիւսիսարեւելեան Սուրիան, Լիբանան սկսաւ ապրիլ իր «գարունը» մեծապէս ազդելով մեր տնտեսութեան վրայ, շրջանի անորոշ վիճակը ալ աւելի պղտորելով…

Այս ամիս հին օրերը յիշեցնող բազմաթիւ հրթիռներ արձակուեցան Հալէպի թաղերուն վրայ, Հալէպի արեւմտեան շրջանին մէջ տեղաւորուած ահաբեկիչնեու թիրախը հանդիսացան Ա՛ազամիէ, Հալէպ Ճէտիտէ, Սալահ Էտ Տին, Ճէմիլիէ, Սիրիէն Ճէտիտէ թաղամասերը, խլելով բազմաթիւ զոհեր, միայն 21-22 Նոյեմբերին հինգ քաղաքացիներ սպաննուեցան, աւելի քան 31 հոգի, իրենց մէջ նաեւ երախաներ վիրաւորուեցան, տեղացող ամենատարբեր տեսակի պայթուցիկ նիւթերը պատճառեցին նաեւ նիւթական մեծ վնասներ…

-Փառք Աստուծոյ, հին օրերը արագ կը վերադառնան,- Տխուր քմծիծածով կը լեցուին հալէպցիներու դիմատետրային էջերը…

Միայն հրասանդները ու հրթիռները չեն «Աստուծոյ փառք տալու» պատճառները, ամէն ինչ կը յիշեցնէ հին օրերը:

Ելեկտրական հոսանքը կրկին անջատուիլ սկսաւ, երեք-չորս ժամ կ’ունենանք, երկու երեք ժամ չենք ունենար այս երազելի լոյսը, իսկ վախը արդէն կը սողոսկի մեր մէջ, վախ որ առանց ելեկտրականութեան ժամերը աւելի ու աւելի կրնան շատնալ: Փիւթակազը Հալէպի մէջ մետաղեայ շիշերով կը վաճարուի, ամբողջ ամառ պետութիւնը յատուկ քարթերով իւրաքանչիւր ընտանիքի 21 օր հերթականութեամբ շիշ մը կը տրամադրեր, որ բաւարար էր, հիմա…

Նոր Գիւղ-Կեդրոն -Զուարթնոց-Ս.Երրորդութիւն եկեղեցի
Նոր Գիւղ-Կեդրոն -Զուարթնոց-Ս.Երրորդութիւն եկեղեցի

-Լաւ եմ, այսօր լաւ եմ: Առտուան ժամը հինգէն գացի, կարգի կեցայ, ժամը իննին կրցայ կազի շիշ մը գնել.- ուրախ-ուրախ կը յայտարարէ հայ երիտասարդ հայր մը..

-կազի պէտք ունիմ, ըսի ճարպիկ մարդու մը:

-Նոր Գիւղ, Զուարթնոց եկեղեցիին քով մէկը կայ, ութ հազարի կը ծախէ, եթէ կ’ուզես, կը բերեմ,- պատասխանեց… կազի շիշի պետական գինը 2700 լիրա է…

-Հալէպը իր բնական դժոխային կեանքին կը վերադառնայ,- կրնա՞ք այս ըսուածէն աւելի սեւ քոմետիայի հանդիպիլ…

Այո՛, Հալէպը իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ. Խնդիրը միմիայն կազն ու ելեկտրականութիւնը չէ, միմիայն հրթիռներն ու հրասանդները չեն: Քանի մը ամիսէ ի վեր սուրիական լիրան ամէն օր անկում կը կրէ. մոռնանք, որ տագնապէն առաջ յիսուն լիրան մէկ ամերիկեան տոլարի հաւասար էր, տագնապի տարիներուն շատ փոքր շրջան մը մէկ տոլարը հասաւ 500- 600 -650 լիրայի, սակայն կայունացաւ 450 լիրայի շուրջ, հիմա վերջին 7-8 ամիսներուն մագլցելով հասաւ 750 լիրայի ու տակաւին կը շարունակէ բարձրանալ, ու մեր միջին ամսական աշխատավարձը կ’իջնէ 40 տոլարի…

Եկուր եւ դիմացիր խեղճ հալէպցի՝ արաբ-քիւրտ հայ հալէպցի, մուսուլման եւ քրիստոնեայ հալէպցի:

-Հիմա միսն ու պտուղը միայն երազնիս մէջ կրնանք տեսնել, այդ ալ ոչ միշտ,-կ’ըսէ ուսուցիչ մը:

Իրաւունք ունի:

Քանի մը օր առաջ երկրին նախագահը հրաման արձակեց, ըստ որուն գալիք Դեկտեմբերէն սկսեալ պետական պաշտօնեաներուն ամսականները 20000 լիրայի յաւելում պիտի կրեն: Հայ պետական պաշտօնեաներ շատ չկան, սակայն կան հարիւրաւոր հայեր, որոնք կ’աշխատին հայկական դպրոցներու կամ այլ հիմնարկներու մէջ: Այս պաշտօնեաները պէտք է սպասեն պետական համապատասխան գրասենեակի յատուկ կարգադրութեան, որպէսզի նախագահին հրամանը տարածուի նաեւ մասնաւոր՝ ոչ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներու վրայ: Յիշենք, որ քանի մը տարի առաջ երբ նախագահական հրաման մը 40% յաւելում տուած էր, մեր դպրոցներուն չպարտադրուեցաւ գործադրել այդ հրամանը եւ մեր պատասխանատուները բաւարարուեցան իրենց պաշտօնեաներուն bonus-պարգեւատրում շնորհելով, զոր կրնան դադրեցնել երբ ուզեն: Այս անգամ բոլորը կը յուսան որ սպասուած յատուկ տնօրինումը կատարուի պետութեան կողմէ, կամ մեր պատասխանատուները բարեհաճին գործադրել այս հրամանը, թէեւ ակնկալելի է տհաճ իրականութիւն մը, այն որ յաւելումին հետ դադրին պարգեւատրումները:

Նոր Գիւղ-Սահակեան Վարժարան-Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի-Ազգ.Պատսպարան- Ծառերու ետեւը Կիլիկիա շէնք
Նոր Գիւղ-Սահակեան Վարժարան-Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի-Ազգ.Պատսպարան- Ծառերու ետեւը “Կիլիկիա” շէնք

Իրականութեան մէջ փափուկ կացութեան մը առջեւ կը  գտնուին որոշում առնելու պարտադրուած հայ պատասխանատուները. մէկ իրենց պաշտօնեաներուն, որոնց շարքին եւ առաջին հերթին հայ ուսուցիչներուն, նիւթական շատ ծանր վիճակը, միւս կողմէ առանց այդ ալ դպրոցական նիւթական ելեւմտացոյցի (պիւտճէի)ի մեծ բացը. չէ՞ որ աշակերտներուն մեծ մասը տակաւին անվճար կ’ուսանի, չէ՞ որ շատ քիչ աշակերտներ դպրոցական սակը ամբողջութեամբ կը վճարեն…

Ու… ու մեր յոյսը դարձեալ կը մնայ դրսեցիներու բարեհաճ օգնութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ:

Ո՞վ կրնայ պատասխանել:

Մէկ իրականութիւն կայ, այն որ նիւթական անտանելի այս պայմաններուն մէջ մեզմէ շատերուն աչքերը սեւեռած կը մնան դէպի դուրս, ոչ թէ այդտեղէն օգնութիւն սպասելու, այլ՝ հոն երթալու…

Ասիկա իմ ցանկութիւնս չէ, ասիկա չոր իրականութիւն է եւ համաձայնիք կամ ո՛չ, հալէպցիներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը կ’ուզէ գաղթել, ՍՏԻՊՈՂԱԲԱՐ գաղթել, գաղթել տեղէ մը, ուր արժանապատուութիւնը մեր նկարագրին մէջ ամէնէն վերջին տեղը սկսած է գրաւել, երկրի մը մէջ, ուր բնիկներն իսկ օտար կը զգան իրենց հայրենիքին մէջ, ուր ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ինչ կը սուղնայ բացի տունէն, իսկ գաղթել ուզողներուն մեծ մասին յոյսը տուներու թանկացումն է, չէ՞ որ շատ-շատերուն միակ ունեցածը իրենց տունն է, զոր ծախելով քանի մը սէնթ ունենալու կարելիութիւնը պիտի ունենան օտար երկիրներու մէջ: Գաղթելը դաւաճանական արարք մը չէ մուսուլմաններուն համար, չէ՞ որ իրենց մարգարէն գաղթեց Եթովպիա երբ իր կեանքը վտանգուած էր իր հայրենի երկրին մէջ. մենք հայերս ալ հանգիստ խղճով կրնանք գաղթել. Չէ՞ որ եթէ այս երկիրը մեզի ապաստան տուած է, ապա շատոնց մենք մեր պարտքը մարած ենք՝ մեր աշխատասիրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Սուրիան հարուստ երկիր է, ունի նաւթ, ունի սպիտակ նաւթ՝ բամպակը, ունի կանաչ նաւթ՝ ձիթապտուղը, ունի ընդարձակ դաշտեր, ունի զարգացած թեթեւ ճարտարարուեստ, ունի աշխատասէր ժողովուրդ ունի եւ … բազում թշնամիներ, որոնք մէկ վայրկեան իսկ չտատանեցան եւ ձեռք-ձեռքի տալով քանդեցին ամբողջ երկիրը, սպաննեցին հարիւր հազարաւորներ:

Ու քիչ քիչ կը մարին անհատ մարդոց յոյսերը մանաւանդ փոքրամասնութիւններունը, որոնց մասնիկներու միտքին մէջ օրէ օր բոյն կը դնէ այն միտքը, թէ.

-Սուրիան օր մը կը լաւանայ, բայց մեզի համար չէ այդ լաւացումը:

Հալէպ, 24 Նոյեմբեր 2019