Կոմիտասի, Թումանեանի, Սեւակի, Շանթի եւ Այլ Մեծերու Յիշատակին Ծառեր՝ Աբովեանի Տուն-Թանգարանի Բակին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Կոմիտաս, Յովհաննէս Թումանեան, Պարոյր Սեւակ, Լեւոն Շանթ, Շարլ Ազնաւուր, Սօս Սարգսեան, Սիլվա Կապուտիկեան …  Շուրջ 15 յոբելեաններու անուանական տունկեր` ծիրանենիներ եւ խնձորենիներ, տնկուեցան Նոյեմբեր 26-ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան տուն-թանգարանի բակին մէջ:

«Ծառատունկը իւրօրինակ խորհրդանիշ ունի` ապրեցնելու, վերածնունդի, եւ մենք այս փոքրիկ նախաձեռնութեամբ շարունակական կը դարձնենք Աբովենց այգիի յայտնի սովորոյթը, որ այգին եւ տան դռները բաց էին բոլորին առջեւ»,- ըստ Yerkir.am-ի՝ նշած է Խ.Աբովեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոջամիրեանը:

Տնօրէնի խօսքով` կան պահպանուած բազմաթիւ յիշատակութիւններ, որ Խաչատուր Աբովեանի տունը շատ մտաւորականներ հիւրընկալուած են, եւ այս քայլով սկիզբ կը դրուի տուն-թանգարանը մտաւորականութեան համար իւրօրինակ հաւաքատեղի դարձնելու նախաձեռնութեան:

Ծառատունկին մասնակցեցան մտաւորականներ, գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի յայտնի գործիչներ:

Ծիրանենիներ եւ խնձորենիներ տնկուեցան նաեւ Գէորգ էմինի, Երուանդ Օտեանի, Ակսել Բակունցի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի անուններով:

Աշնանային ծառատունկը նախաձեռնած էր Խ. Աբովեանի անուան տուն-թանգարանը, իսկ տնկիները տրամադրած էր «էյ ԹԻ Փի» բարեգործական հիմնադրամը:

Լեւոն Շանթը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիրը եղած է: Խորհրդանշական օրուան առիթով Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքէլեան միութեան հրատարակած գիրքերէն նուիրեց Խ.Աբովեանի տուն-թանգարանին: