Հայաստանի Մէջ Ծնունդներու Թիւի Աճ Արձանագրուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած երեխաներու  թիւը աւելի է քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Եթէ անցեալ տարուան այդ ժամանակահատուածին ծնած  էր 18 հազար 258 երեխայ, ապա այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 18 հազար 493, կամ 235-ով աւելի:

«Ծնունդներու թիւի աճը մեծ չէ, անշուշտ, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ անցած առնուազն 5 տարիներուն այդ ցուցանիշը մեղմ խօսքով կը գահավիժէր, ինչ որ ակնյայտ կը դառնայ բերուած գծապատկերի ուսումնասիրութենէն:

«Այսպիսով` կրնանք արձանագրել, որ յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են եւ անհրաժեշտ էր համապատասխան ժամանակ, որպէսզի այդ սպասումները ակներեւ դառնային լոյս աշխարհ եկած երեխաներու թիւի աճի տեսքով:

«Ասոր աւելցնենք, որ յեղափոխութենէն ետք կը շարունակէ արձանագրուիլ ամուսնութիւններու թիւի աճ, ամուսնալուծութիւններու թիւի նուազում»,- գրած է Փաշինեան: