Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Անձնագիրներ Յանձնած Գանատահայ Դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 6-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ յանձնած յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ […]

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

ԼԻբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Սեպտեմբեր 6-ին այցելեց Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին: Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային իշխանութեան նախագահ Աւետիս Ոսկեան եւ […]

Սիլվա Իշխանեան՝ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկագիտութեան Բաժինի Տնօրէն

Սուրիահայ բժշկուհի Սիլվա Իշխանեան նշանակուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպի Պետական համալսարանի Բժշկագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը։

Արմէն Բայբուրդեան Կը Նշանակուի Լոս Անճելըսի Մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Սեպտեմբեր 6-ի հրամանով, Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս: Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Բայբուրդեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս նշանակուած էր […]

Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017-ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան […]

Կը Սկսին Սփիւռքի Քարտէսագրման Ուղղութեամբ Աշխատանքները

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Սեպտեմբեր 6-ին ընդունեց Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Իլոնա Տէր Մինասեանը, Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի […]

Գէորգ Յակոբեան Պիտի Ներկայացնէ Պոլսահայ Ուսումնական Կեանքին Նուիրուած Իր Հատորը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ Պ. Յակոբեան  Սեպտեմբեր 13 -ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։ Մուտքը ազատ է: «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ […]

«Էտվենթիսթ»-ի Այս Տարուան Բժշկական Առաքելութիւնը Արցախ Պիտի Հասնի

Տոքթորներ Սամուէլ Հմայակեան (կեդրոնը) եւ Ծովինար Թեքքէլեալ (աջին) անցեալ տարուան առաքելութեան ընթացքին հիւանդներու հետ կը զրուցեն Նոյեմբերեանի մէջ ԿԼԵՆՏԷՅԼ- Դէպի Հայաստան իրենց կատարած բժշկական երեք առաքելութիւններէ ետք, Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» […]

Ուիլիամ Սարոյեանի Տուն-Թանգարանի Պաշտօնական Բացում Ֆրեզնոյի Մէջ

Ձախէն աջ՝ Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Էզմերալտա Սորիա,Արթիւր Ջանիբէկեան եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրէնտ «Ֆրեզնօ Պի».- Ուրբաթ, Օգոստոս 31-ի յետմիջօրէին, հեղինակաւոր գրողի Ուիլիամ Սարոյեանի 110-րդ տարեդարձի օրը, Ֆրեզնոյի կեդրոնական շրջաններուն […]

Վանգուվըրի «Սասուն» ամառնային ճամբարի աւարտահանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին

20 Oգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պըրնըպիի Micheal J. Fox թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւՎանգուվըրի «Սասուն» ամառնային ճամբարի 12-րդ աւարտահանդէսը. ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխրտըմեանը, Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ hովիւ Տէր Գեղարդ Ա. […]