Կը Սկսին Սփիւռքի Քարտէսագրման Ուղղութեամբ Աշխատանքները

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Սեպտեմբեր 6-ին ընդունեց Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Իլոնա Տէր Մինասեանը, Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիայի, Վիեննայի տարածաշրջանային գրասենեակի աշխատանքային շարժունակութեան եւ մարդկային զարգացման գծով աւագ մասնագէտ Մայքըլ Նիւսոնը եւ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի առաքելութեան ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Խոջայեանը:

Այս հանդիպումը նախարարին հետ նախորդ անգամ կայացած հանդիպման տրամաբանական շարունակութիւնն էր: Արդէն կը սկսին սփիւռքի քարտէսագրման ուղղութեամբ աշխատանքները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քարտէսագրման համար անհրաժեշտ հիմնական չափորոշիչները, ոլորտները, որոնք նախարարութեան հետաքրքրութեան ծիրէն ներս են:

«Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտ, գիւղատնտեսութիւն եւ զբօսաշրջութիւն, ասոնք այն երեք առաջնային ոլորտներն են, սակայն ես չէի ցանկանար սահմանափակուիլ միայն ատոնցմով: Մեզի հարկաւոր են արհեստավարժներ բոլոր ոլորտներու մէջ»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան:

Քննարկուեցան քարտէսագրման հարցով նախարարութեան հետ յետագայ համագործակցութեան մեքանիզմը, եւ թէ քարտէսագրման համար ինչպիսի տեղեկատւութիւն կրնայ նախարարութիւնը տրամադրել:

«Մենք պատրաստ ենք տրամադրել համապատասխան տեղեկատուութիւն, որ կրնայ նպաստել  հայկական սփիւռքի քարտէսագրման, ինչպէս նաեւ դառնալ կապող օղակ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ, որոնք ունին հետազօտութիւններու մեծ պաշար, անոնք կրնան օգտակար ըլլալ»,-ըսաւ նախարարը:

Քարտէսագրման աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ հաղորդակցութեան ռազմավարութեան մշակումը, որու շուրջ կողմերը համաձայնութեան եկան նորէն հանդիպելու եւ քննարկելու աշխատանքներու ընթացքը: