2018 Թուականի Առաջին Կիսամեակին Արցախ Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է 41 Տոկոսով

Հայաստան

Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը 2017 թուականի առաջին կիսամեակի համեմատ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին աճած է 41 տոկոսով:

Այս  մասին՝ ըստ  «Արցախփրես»-ի՝  ըսած  է  ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու  եւ  զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու աշխարհագրութիւնը եւս  ընդլայնուած է:

«Նախորդ տարի Արցախը 95 երկիրներէ հիւրընկալած է հազարաւոր զբօսաշրջիկներ. անոնց մեծ մասը Ռուսիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ ժամանածներն  են:2017 թուականին առաջին անգամ զբօսաշրջիկներ ունեցած ենք  նաեւ Քամերունէն, Մոնղոլիայէն, Բենինէն, Սալւատորէն»,-մանրամասնած է ոլորտի պատասխանատուն:

Զբօսաշրջիկներուն հիմնականօէրն կը հետաքրքրեն Արցախի գեղատեսիլ  բնութիւնը, պատմաճարտարապետական յուշարձանները, որոնցմէ մեր զրուցակիցը առանձացուցած է Գանձասարի վանական համալիրը, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, Տիգրանակերտն ու Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցը:

«Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումէն ետք զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքեր կը նկատուին նաեւ դէպի Դադիվանք վանական համալիր: Որպէս առանձին զբօսաշրջային կեդրոն կ՛առաձնացնէի  նաեւ Շուշի քաղաքը, որ վերջին տարիներուն կը համալրուի նոր զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներով»,-նշած  է ան: