«Էտվենթիսթ»-ի Այս Տարուան Բժշկական Առաքելութիւնը Արցախ Պիտի Հասնի

Հայաստան, Սփիւռք

Տոքթորներ Սամուէլ Հմայակեան (կեդրոնը) եւ Ծովինար Թեքքէլեալ (աջին) անցեալ տարուան առաքելութեան ընթացքին հիւանդներու հետ կը զրուցեն Նոյեմբերեանի մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ- Դէպի Հայաստան իրենց կատարած բժշկական երեք առաքելութիւններէ ետք, Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոնը եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը որոշած են իրենց առաքելութեան սահմանները ընդարձակել ու հասնիլ վտանգաւոր նկատուող (օտարի աչքով՝ անշուշդ-ԽՄԲ.) Արցախի Հանրապետութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը

Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոնին մաս կը կազմեն Կլենտէյլի, Լոս Անճելըսի եւ Սիմի հովիտի բժշկական կեդրոններ-հիւանդանոցները։

Յիշեցնենք, որ վերջին երեք տարիներուն առաքելութեան թիրախը եղած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանի՝ Տաւուշի մէջ գտնուող Նոյեմբերեան քաղաքի հիւանդանոցը, ուր ոչ միայն անվճար բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրուած են հազարաւոր կարիքաւորներու, այլ կարելի եղած է մարզումներ կատարել եւ սարքաւորումներ յատկացնել, որպէսզի հիւանդանոցը շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել առաքելութեան աւարտէն ետք։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոն շրջանային պետ՝ տոքթ. Արբի Նահապետեան կը նշէ, որ Սեպտեմբեր 22էն 26ին առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, իսկ Սեպտեմբեր 27էն Հոկտեմբեր 5, առաքելութեան մասնակիցները Ստեփանակերտ պիտի անցնին, աջակցելու համար մօտաւորապէս 200,000 հոգիի բժշկական խնամք տրամադրող տեղւոյն արդիական հիւանդանոցին։

Յիշեցնենք, որ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին բացումը տեղի ունեցած էր 2013ին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ջանքերով։

Այս տարուան՝ չորրորդ առաքելութեան պիտի մասնակցի աւելի քան 60 անդամնոց բժշկական կազմ մը, որ ցարդ մեծագոյնն է:

Նշենք, որ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմանակից Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած բարեկարգումներուն շնորհիւ, զգալիօրէն բարձրացած է հիւանդանոցին վարկը եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէ քաղաքացիներ եւս սկսած են հոն մեկնելու, բժշկական դարմանումներու համար:

(Քաղուած Լիլա Սէյտմենի թղթակցութենէն)