Գէորգ Յակոբեան Պիտի Ներկայացնէ Պոլսահայ Ուսումնական Կեանքին Նուիրուած Իր Հատորը

Այլեւայլ, Սփիւռք

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ ՊՅակոբեան  Սեպտեմբեր 13 -իներեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Մուտքը ազատ է:

«Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ պրպտումներուն արգասիքը կը հանդիսանայ: Գէորգ Պ. Յակոբեան իր այս աշխատութեան մէջ ո՛չ միայն պոլսահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ, այլեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պոլսոյ երբեմնի ու ներկայի հայկական ազգային ու անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին: Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը:

Գէորգ Պ. Յակոբեան ծնած է 1947-ին, Պոլիս: 1972-1982 թուականներուն միջեւ եղած է Գումգաբուի Դրսի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր: 1997-ին ընտանեօք գաղթած է Ամերիկա՝ հաստատուելով Լոս Անճելըս: Մինչեւ այսօր կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան ու հանրապետական շրջանի արխիւները եւ կը հաւաքէ անտիպ նիւթեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ որբերու, բռնի կրօնափոխ եղած հայերու, բռնագրաւուած ազգային ու անհատական կալուածներու մասին:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համարհեռաձայնել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւովկամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։ Գրատանհասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։