Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատարագին Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը

Աշխարհ, Էրկիր

Սեպտեմբեր 9-ին երեք տարուան ընդմիջումէն ետք Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կրկին պատարագ պիտի մատուցուի:

Պատարագին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

Նախարար Էրսոյի մասնակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ մատուցուող պատարագին զարմանք յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ `«Տեսե’ք, թէ ուր կ՛երթայ նախարարը, կարծրատիպ կը կոտրէ»:

Կ.Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, անդրադառնալով պատարագին, ըսած է, որ Աղթամար կղզին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին պատմական տեսանկիւնէ շատ կարեւոր են:

Պատրիարքի փոխանորդը կը տեղեկացնէ, որ պատարագին պիտի մասնակցին ներկայացուցիչներ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն, քաղաքացիներ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէ եւ բազմաթիւ պոլսահայեր:

«2011-ի պատարագին մասնակցած էր 7000 հոգի: Այս տարի չենք ակնկալեր, որ այդքան ըլլայ, սակայն 2000-3000 հոգի ալ մասնակցի մեզի համար զգալի թիւ է: Որքան տեղեակ ենք, հիմա ալ Վան քաղաքին մէջ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ, եւ սպառած է հիւրանոցներու մէջ ամրագրման հնարաւորութիւնը: Կը նշանակէ, որ բաւական շատ պիտի ըլլայ պատարագի մասնակիցները»:

Յիշեցնենք, որ հայ ժողովուրդի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Խաչ եկեղեցին թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած որպէս թանգարան:

Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք առաջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ 2010-ի Սեպտեմբեր 19-ին: Հայ համայնքը այնտեղ տարին  մէկ անգամ պատարագ տալու թոյլտւութիւն ունի: Սուրբ Խաչ եկեղեցոյ մէջ վերջին անգամ պատարագ մատուցուած էր 2015-ին: Թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցել` անվտանգութեան ապահովման խնդիրներէ մեկնած: