Հայ Դատը Կը Քննադատէ Հայկական Ընկերութեան Դէմ Ամերիկայի Պատիժը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ հայկական զբօսաշրջութեան ընկերութեան մը դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, որոնք պայմանաւորուած են իրանեան «Մահան Էր» օդանաւային ընկերութեան հետ […]

Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հանդիպած է Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ամերիկայի Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիի հետ, որ շուտով կը սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ: «Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիի հետ […]

Պոլսոյ Մէջ Մաբեթ Փողոցը Կրկին Պիտի Անուանուի Տատեան Փողոց

ոլսոյ Պաքըրքէոյ շրջանի համայնքապետարանը տեղի բնակչութեան պահանջով միաձայն որոշած է Մաբեթ փողոցը վերանուանել Տատեան փողոց: Որոշումը պիտի իրագործուի Փետրուար 5-ին, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։ Պաքըրքէոյի շրջանի Զեյինլիք թաղամասի Մաբեթ փողոցին մէջ, […]

Վիլնիւսի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ Եղած է

Վիլնիւսի «Սբ. Յովհաննէս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Գիւրջիեւ» խումբին համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին, որ նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվիայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ GK դարմանատան […]

«Մի՛ Դպչիք Հայ Ժողովուրդի Օրհներգին». Փաշինեանը Պէտք է Իր Անհամաձայնութիւնը Յայտնէ Ալեն Սիմոնեանին

France  Armenie ամսագիրի հրատարակչական տնօրէն Յարութ Մարտիրոսեան՝ ամսագիրի Դիմատետրի էջին վրայ անդրադարձած է Հայաստանի օրհներգը փոխելու` ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի առաջարկին: «Մի՛ դպչիք հայ ժողովուրդի օրհներգին» վերնագիրով գրութեան մէջ նշուած […]

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած է Արա Կիւլերին Նուիրուած Վաւերագրական Ֆիլմի Անդրանիկ Ներկայացումը

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է լուսահոգի լուսանկարիչ-լրագրող Արա Կիւլերի (Արա Կիւլերեան) յիշատակին նուիրուած լուսանկարիչ-լրագրող Ճոշքուն Արալի պատրաստած «Աշխարհը այսպիսին է» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadoluajans-ը։ […]

Սոֆիայի Մէջ Սպիտակի Երկրաշարժին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպուած է

Սոֆիայի Կարմիր Խաչի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած է 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, որ կազմակերպուած է Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ՝ պուլղարական Կարմիր Խաչի հետ համագործակցութեամբ: […]

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեամբ Տեղի Ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի Թեմի Նորակառոյց Առաջնորդարանին Բացումը

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի հայոց թեմի նորակառոյց առաջնորդարանի բացման արարողութիւնը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Սիտնիի Սուրբ […]

Հայ Օգնութեան Միութեան «Հայ Սիրտ» Պարբերաթերթի 80-ամեակին Առիթով

Ամիս մը առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2019-ը հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»: Ակնարկելով Հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներուն, անկասկածօրէն կը տեսնենք մամուլի արժէքը՝ որ […]

Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ Եւ Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի,  Յունուար 20-ին նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12-րդ տարելիցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ Կէսօրէն ետք, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: […]