«Մի՛ Դպչիք Հայ Ժողովուրդի Օրհներգին». Փաշինեանը Պէտք է Իր Անհամաձայնութիւնը Յայտնէ Ալեն Սիմոնեանին

Հայաստան, Սփիւռք

France  Armenie ամսագիրի հրատարակչական տնօրէն Յարութ Մարտիրոսեան՝ ամսագիրի Դիմատետրի էջին վրայ անդրադարձած է Հայաստանի օրհներգը փոխելու` ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի առաջարկին:

«Մի՛ դպչիք հայ ժողովուրդի օրհներգին» վերնագիրով գրութեան մէջ նշուած է`

«Այսպիսով` Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ  «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի հիմնական առաջնորդներէն Ալեն Սիմոնեան, իբրեւ նոր Հայաստանի առաջին գործողութիւն, կ՝առաջարկէ փոխել «Մեր Հայրենիք» օրհներգը եւ զայն  փոխարինել Խորհրդային Հայաստանի օրհներգով` իբրեւ պատճառաբանութիւն նշելով, թէ անիկա գրուած է Արամ Խաչատրեանի կողմէ, որ աշխարհին աւելի յայտնի է, քան Բարսեղ Կանաչեանը` «Մեր Հայրենիք»-ի հեղինակը: Սակայն, իբրեւ ընդունելի տարբերակ, կ՝առաջարկէ պահպանել երաժշտութիւնը եւ փոխել բառերը` ի միջի այլոց  նշելով, թէ «Մեր Հայրենիք»-ի բառերը շատ ռազմաշունչ են:

Պատմական մշակոյթի ինչպիսի պակաս… «Մեր Հայրենիք»-ը Վանի ինքնապաշտպանութեան երգն է, երգ, որմով հայ զինուորները 1918-ին դուրս եկան Սարդարապատի ճակատամարտի` թոյլ չտալով թուրքերուն ոչնչացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը, ասիկա 1989, 1990 եւ 1991 թուականներու ցոյցերուն երգն է, որոնց շնորհիւ Հայաստանը դուրս եկաւ խորհրդային լուծի տակէն: Յիշենք, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր, որ առաջարկեց այդ ընտրութիւնը եւ 1991-ի հանրաքուէով հաստատեց զայն՝ իբրեւ Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութեան օրհներգ:

«Մեր Հայրենիք»-ը մէկ կուսակցութեան կամ հին հանրապետութեան երգը չէ, անիկա հայ ժողովուրդի դիմադրութեան երգն է ընդդէմ բոլոր կեղեքումներու:

Ինչ կը վերաբերի փաստարկներուն, անոնք ծիծաղելի են: «Մարսելիեզ»-ը չի փոխարինուիր «Ես քեզ կը սիրեմ»-ով, քանի որ Ճոնի Հոլիտէյը աւելի յայտնի է, քան Ռուժէ տը Լիլը: Ալեն Սիմոնեանի անհեթեթ միտքը աւելի խորացնենք` Շառլ Ազնաւուրը աւելի յայտնի է Արամ Խաչատրեանէն, ուրեմն ինչո՞ւ Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը չփոխարինենք «Բոհեմ»-ով:

Ալեն Սիմոնեանին յիշեցնենք, որ «Մեր Հայրենիք»-ի երաժշտութիւնը Բարսեղ Կանաչեանինն է` Կոմիտասի` անկասկած, հայ խոշորագոյն երաժշտահաններէն մէկուն աշակերտինը:

Ինչ կը վերաբերի շատ ռազամաշունչ բառերուն, խորհուրդ կու տանք Ալեն Սիմոնեանին խորանալու «Մարսելիեզ»-ի, իտալական, ամերիկեան օրհներգերու, Իսրայէլի օրհներգի բառերուն մէջ` հասկնալու համար, որ օրհներգը կ՝արտացոլէ ժողովուրդի հոգին, անոր պայքարը, անոր պատմութիւնը…

Եւ վերջապէս, գրողը տանի, միթէ՞ Ազգային ժողովի օրակարգի առաջին հարցն էր ատիկա, թէ՞ հասարակական անարդարութեան վերջ տալը, գիւղական բնակավայրերու աղքատութիւնը, սահմաններու  անվտանգութիւնը, կանանց նկատմամբ խտրականութիւնները, խաղերու դէմ պայքարը, առողջապահական համակարգի բարելաւումը, տնտեսական զարգացումը, արդարադատութեան առջեւ բոլորի հաւասարութիւնը…

Այս բանավէճը իրաւամբ անօգուտ է, անիկա կը կոտրէ հայ ժողովուրդը, կը խզէ կապը Սփիւռքի հետ` Վանի ու Սարդարապատի հերոսներու ժառանգներուն: Այնպէս որ` այդ բանավէճին վերջը ազդարարելու ժամանակն է: Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է պարզորոշ իր անհամաձայնութիւնը յայտնէ Ալեն Սիմոնեանին, եւ որքան շուտ, այնքան լաւ, քանի որ Նոր Հայաստանի հետ կապուած յոյսերը կը հալչին, ինչպէս ձիւնը արեւի տակ»: