ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մեկնաբանած է ԼՂ Հակամարտութեան Կողմերուն Վերաբերեալ Վարչապետի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն վերաբերեալ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ըրած յայտարարութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ն՝ իր խօսքին մէջ՝ վարչապետը նշած էր, որ իր կարծիքով` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները, նաեւ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրած են, որ լուծման խնդիրը նոյնինքն  հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու օրակարգին հարցն է:

«Հայաստանը բանակցութիւններուն մէջ ունի իր մասը: Հայաստանը բանակցող կողմ է: Հայաստանը Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորն է: Այս առումով կայ երեք կողմ: Հայաստանը պիտի շարունակէ այդ ամէնը ընել»,- ըսած է նախարարը:

Նշենք, որ Փետրուար 1-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գերմանիոյ վարչապետ  Անկելա Մերքելի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ժամանակ յայտարարած էր.

«Կը կարծեմ՝ համանախագահող երկիրները (ԵԱՀԿ մինսկի խումբի), նաեւ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրած են, որ լուծման խնդիրը նոյնինքն հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու օրակարգին հարցն է, եւ միջազգային հանրութիւնը չի կրնար հակամարտութեան երեք կողմերուն փոխարէն լուծել հակամարտութիւնը, ընդամէնը կրնայ որոշակի հարթակ ստեղծել բանակցութեան համար: Ես կը կարծեմ, որ ԵԱՀԿ մինսկի խումբի համանախագահութիւնը յաջողած է այդ հարթակը ստեղծելու առումով»։