Արմենոֆաս Հիմնադրամի Յանձնախումբի Երկու Անդամներ Կը Պարգեւատրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»Ի Շքանշանով

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայօն պարգեւատրեց Մեծի Տանն […]

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան Առաքելութեան Կառչած Մնալով Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Երէկ` 26 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մայիսեան փառատօնը, որ հոգեպարար ու յուսադրիչ էր արտասանուած խօսքերով, հպարտալի, յուզիչ եւ […]

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին,  կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 101-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն 9-ը: […]

Ամբողջական ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն է Հայաստանին

Ներկայ գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր Նորին Սրբութիւնը տուաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Հանրապետական Մաղթանքէն ետք։ Կատարեցինք «Հանրապետական Մաղթանք» մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, […]

Լոյս Տեսած է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Խաչիկ Պապիկեանհիմնադրամի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է «Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918-1920)» հատորը։ Մենագրութեան հեղինակն է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող ԳուրգէնՎարդանեան։ Այս մենագրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մշակոյթի պատմութեան։ Գիրքին մէջ առաջին անգամ ամփոփ կերպով ներկայացուած են ազգային պետական շինարարութեան գործընթացին մէջ իրականացուած միջոցառոմւները կրթական համակարգի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ։

Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին Կեանքէն Ապրուած Պահեր» Գիրքերուն Շնորհանդէսը Մոնթրէալի Մէջ

Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» գիրքերուն շնորհանդէսը, […]

Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Քալիֆորնիա-Հայաստան Առեւտուրի Գրասենեակին Վերաբերող Բանաձեւը

Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը: «Հայաստան Քալիֆորնիոյ համար առեւտրական կարեւոր գործակից մըն է […]

Անհետացման Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներու Մասին Ցուցահանդէս` Թուրքիոյ Մէջ. Ներկայացուած Են Նաեւ Արեւմտահայերէնն ու Համշենի Բարբառը

Մայիս 23-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի թեմայով ցուցահանդէսի բացումը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Gazete Duvar լրատուական կայքէջը: Աղբիւրին համաձայն` 1990-ականներէն մինչեւ այսօր […]

Գանատայի Առաջնորդը Այցելեց Արցախի Վերաբնակեցուած ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ Գիւղ

13 Մայիս 2019-ին, Գանատայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ այցելեց ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղը եւ հանդիպեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։ Արցախի Հանրապետութեան […]

«Միլիոնէն Մէկը. Ցեղասպանութեան Ականատես Զէյթունցի Պատանիի Մը Յուշերը». «Զարթօնք»-ի Հրատարակութիւն

«Միլիոնէն մէկը. ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը» գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած պատանիի մը մասին, որ կրցած է դիմագրաւել փորձութիւններուն ու կենդանի մնալ` իր պատմութիւնը փոխանցելով սերունդներուն: Ըստ […]