Անհետացման Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներու Մասին Ցուցահանդէս` Թուրքիոյ Մէջ. Ներկայացուած Են Նաեւ Արեւմտահայերէնն ու Համշենի Բարբառը

Աշխարհ, Սփիւռք

Մայիս 23-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի թեմայով ցուցահանդէսի բացումը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Gazete Duvar լրատուական կայքէջը:

Աղբիւրին համաձայն` 1990-ականներէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու պահպանման ուղղութեամբ պայքարի թեմայով սոյն ցուցահանդէսը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «Լեզուի մը հետքերով. 90-ականներէն մինչ օրս մշակութային ոլորտի մէջ պայքարը մայրենի լեզուի պահպանման նպատակով»: Ցուցահանդէսը պիտի գորէ մինչեւ այս տարուան Յունիս 17, Պոլսոյ «Քարշը սանաթ» սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վերջին 30 տարիներուն այդ բնագաւառին մէջ կատարուած աշխատանքները: Ան առաւելապէս կեդրոնացած է չերքեզերէնի, արեւմտահայերէնի, հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառի, քրտերէնի եւ լազերէնի պահպանման ուղղութեամբ կատարուած քայլերու վրայ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան տուեալներով` Թուրքիոյ մէջ խօսուող շուրջ 20 լեզուներ լիովին վերացման վտանգի տակ են: Անոնց մէջ են արեւմտահայերէնը, Համշէնի բարբառը, պոնտական յունարէնը, ասորերէնը, աբխազերէնը, լազերէնը, չերքեզերէնը գնչուներու կողմէ կիրառուող ռոմաներէնը եւ այլ լեզուներ ու բարբառներ:

Մելինէ Անումեան