Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Յունուար 11–ին

Նորընտիր Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան Յունուար 12–ին պիտի մատուցանէ իր առաջին պատարագը որպէս պատրիարք: Ինչպէս կը տեղեկացնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն, Յունուար 11–ին, Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի […]

Քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի «Քալող Մարդը» Արձանը Պիտի Տեղադրուի Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ

Գանատահայ անուանի քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի «Քալող մարդը» քանդակը պիտի տեղադրուի Երեւանի կեդրոնին մէջ: Երեւանի աւագանիի որոշումին համաձայն՝ արձանը պիտի տեղադրուի Հիւսիսային պողոտայ-Աբովեան փողոց հատման վայրին մէջ: Քանդակի ձուլման եւ կազմութեան […]

Համոզուած Ենք, որ Մեր Արդար Պահանջատիրութեան Հետապնդումը Նոր եւ Կարեւոր Նուաճումներով Պիտի Արդիւնաւորուի. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակ

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի երկու պալատներու` Ներկայացուցիչներու տան ջախջախիչ մեծամասնութեամբ եւ Ծերակոյտի որոշմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն հաստատումը հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան իրաւական եւ քաղաքական կարեւոր ենթահող ապահովող եւ մէկ համահայկական […]

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած՝ «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» հանրային հաւաքը խանգարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբ մը համակիրներուն արարքը խստօրէն դատապարտուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք նկատել […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումը առիթ մը […]

Մենք Ընտրած Ենք Այստեղ Ապրիլը, եւ Ատիկա Մեզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հայերէն Տարբեր կը Դարձնէ. Մաշալեան

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հարցազրոյց տուած է թրքական «Sabah» թերթին՝ խօսելով նաեւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման մասին։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Մաշալեանը բանաձեւի ընդունման մասին նշած է. […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբը Կոմիտասը Վերապրեցուց Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նշեց Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. […]

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի, ԱԳՈՄ-ի, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Գանատայի Մէջ ՀՀ Դեսպանատուն

Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատան մէջ, արտակարգ եի լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Կեդրոնական Վարչութեան, Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ», Լաւալի […]

ՄԱԿ-Ի Կեդրոնին Մէջ՝ Ցեղասպանութեան Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9-ին, ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ, ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման եւ ոճիրի կանխարգիլման օրը նշուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Hairenikweekly.com.-ը։ Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ […]

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Նուիրուած Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Սուրիոյ Մէջ

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը չորրորդ դարու ժողովրդականացած սուրբերէն մէկն է իր սրբակենցաղ կեանքով եւ հրաշագործ ընթացքով: Դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթը հալէպահայութեան համար Ս. Յակոբ Հայրապետի յիշատակին նուիրուած սրբաշունչ շաբաթ մը […]