Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Նուիրուած Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Սուրիոյ Մէջ

Սփիւռք

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը չորրորդ դարու ժողովրդականացած սուրբերէն մէկն է իր սրբակենցաղ կեանքով եւ հրաշագործ ընթացքով:

Դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթը հալէպահայութեան համար Ս. Յակոբ Հայրապետի յիշատակին նուիրուած սրբաշունչ շաբաթ մը հանդիսացաւ:

9-13 Դեկտեմբեր 2019-ին հերթական կերպով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հսկումի ժամերգութիւններ եւ քարոզխօսութիւններ տեղի ունեցան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Քահանահայրերուն կատարողութեամբ:

«Գանձաբար»-ի տեղեկութիւններով՝ Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, հանդիսապետութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ: Եկեղեցին կը յորդէր հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, հակառակ անբարենպաստ անձրեւոտ օդին: Ուրախանալի էր Ս. Սահակ- Ս.Մեսրոպ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն ներկայութիւնը:

Յիշենք, որ Ս.Յակոբ եկեղեցին հիմնուած է 1930-ին Սիրիան Ատիմէ թաղամասին մէջ: Սկզբնական շրջանին եղած է յարկաբաժին մը, ուր գործած է Արամեան Վարժարանը իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով: 1943-ին Ազգ. Իշխանութեան տնօրինումով եկեղեցւոյ ներկայ հողաշերտը առնուած է եւ թաղամասի բնակչութեան նիւթաբարոյական ներդրումով կառուցուած է եկեղեցին: Ս. Յակոբ եկեղեցին նորոգուելով 13 Մայիս 1990-էն սկսեալ իր դռները պաշտօնապէս բացաւ ուխտաւոր հաւատացեալներուն առջեւ, ունենալով Թաղական Խորհուրդ եւ Տիկնաց յանձնախումբ: Մինչեւ օրս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթական հերթականութեամբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, հաւատացեալներուն հոգեւոր գոհունակութիւն պարգեւելով:

Տօնական օրուան մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ եւ տարազաւոր սկաուտներու շարքերով:
Սուրբ Պատարագին հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:

Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ սրբութեամբ լեցուն կեանք մը ապրելու կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ հետեւելով սուրբերու կենցաղին եւ աստուածավայել կեանք մը վարելով ընտրել այն նեղ ճամբան, որ կ’առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք:

«Այնպէս պէտք է ապրի քրիստոնեայ հաւատացեալը, որ իր մէջ ծաղկին բոլոր այն արժէքները, որոնց համար Քրիստոս խաչուեցաւ»:

Նկարագրելով Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին վարքը Սրբազան Հայրը նշեց, որ ան սիրեց ժողովուրդը եւ եղաւ անոր հետ, հետեւաբար սիրուած սուրբ մը եղաւ բոլորին կողմէ:

Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Տիկնաց յանձնախումբին, Հոգեւորական Դասուն եւ Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերող դպիրներուն, սարկաւագներուն եւ «Շողակաթ» երգչախումբին, մաղթելով որ իրենց նուիրական ծառայութեամբ շարունակեն ծաղկեցնել Հայ Առաքելական Եկեղեցին:

Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ առաջին այցելութեան օրէն եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը գօտեպնդեց եւ մղեց եկեղեցին վերածաղկեցնելու աշխատանքին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք, որմէ ետք հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ Սուրբ Խաչով օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Ուխտաւորները եկեղեցիէն մեկնեցան հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ, շնորհաւորելով Յակոբ անունը կրող իրենց հարազատները: