5 Տարուան Կեանք Ունեցող Համալիրը Դարձաւ Գաղութին Տունը (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Ուրբաթ 13 Դեկտեմբեր 2019-ին, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագով նշուեցաւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ բացման եւ օծման 5-րդ տարեդարձը։ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, իր կողքին ունենալով թեմի զոյգ հոգեւոր հովիւները, որոնք պատարագի ընթացքին սպասարկեցին սուրբ սեղանին։

Օրուան պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանացուց իր սուրբ սեղանին սպասարկութեան, ապա իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց երեսփոխանական ժողովին, իր Առաջնորդ ընտրութեան համար։ Յայտնենք թէ յետ Առաջնորդական ընտրութեան, այս քարոզը սրբազան հօր առաջին Առաջնորդական պատգամն էր։

Օրուան պատգամը քաղելով պատարագի սկիզբը երգուած շարականի հետեւեալ բառերէն․ «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա», սրբազան հայրը մատնանշեց եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, յայտնելով որ եկեղեցին անշարժ կը մնայ իր աստուածատուր առաքելութեան շարունակականութեամբ եւ հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ։ Եկեղեցին հայ ժողովուրդին համար միայն աղօթավայր մը չեղաւ՝ այլ ընթացք մը, որ պատմութեան դիմաց առաջնորդական իր դերակատարութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդին դիմաց պարզուած բոլոր դժուարութիւններուն առջեւ, միշտ առաջնահերթութիւն ունենալով առաքելահիմն եկեղեցւոյ հաւատքը պահպանելու եւ ազգային ինքնութեան դիմագիծը արմատացնելու։

Այս գիտակցութեամբ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին գործեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ համալիրը գաղութի կեանքէն ներս, դառնալով Ժողովուրդին Տունը բառին ամբողջական իմաստով։ Երկար տարիներու սեփական եկեղեցի ունենալու երազը պսակուեցաւ հինգ տարիներու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններով եւ վերելքներով։ Եկեղեցին առանց թերանալու իր սրբազան առաքելութեան մէջ, դարձաւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի հաւատքի պահպանման ու բարգաւաճման աղբիւր։ Նոյն այս գիտակցութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը մատուցանել գաղութի կեանքէն ներս, հասնելով իւրաքանչիւր ընտանիքի հոգեւոր ծարաւի յագեցման ու անոնց կարիքներուն գոհացման համար։

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը առաջին հերթին իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, որուն հայրական օրհնութեամբ, հինգ տարիներ առաջ օծումը կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։ Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց, Հ.Հ. Դեսպանին եւ գլխաւոր հիւպատոսին, իրենց մասնակցութեան եւ գործակցութեան համար եւ որոնք ներկայ էին տօնակատարութեան։ Ապա յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող տարիներու ընթացքին Ազգային Իշխանութեան ճամբով ծառայած բոլոր անդամներուն, բարերաներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան եկեղեցւոյ եւ համալիրի աշխատանքներուն։

Աւարտին Սրբազան Հայրը իր եղբայրական ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց, Ապու Տապիի գաղութի հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանին, որ անցնող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին անթիլիասական միաբանութեան ոգիով ծառայեց գաղութին եւ առ ի գնահատանք իր աշխատանքներուն, Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ եւ արտօնութեամբ, Սրբազանը Հայրը Հայր Սուրբին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը, լանջախաչ կրելու իրաւունքը եւ յանուն Ազգային Իշխանութեան եւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան Հայր Սուրբին փոխանցեց լանջախաչը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Ազգային Արա Խանոյեան Միօրեայ վարժարանի մուտքին, եկեղեցւոյ հինգերորդ տարեդարձի անուանակոչութեան առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւնը։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարան