Արցախի Նուիրուած Առցանց Քննարկում

Արցախի ներկայ իրականութեան նուիրուած առցանց քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 13 Յունիսին, Լոս Անճելըսի ժամով կ․ա․ ժամը 11-էն սկսեալ, մասնակցութեամբ  «Եւա» ֆիլմի բեմադրիչ Անահիտ Ապատիի, ֆիլմին գլխաւոր դերասանուհի Նարինէ […]

Փոքրիկ Քաղաք Մը, Որուն Բնակչութիւնը Երբեւէ Չէ Գերազանցած 30,000-ը, Տուած Է 30 Ակադեմիկոս. «Հայու տեսակ» (տեսանիւթ)

Akhaltskha.net Մինչեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Ախալցխայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին, նոյնիսկ տեղի վրացիները կը խօսէին վարժ հայերէն: Անվերջ կարելի է թուարկել հայ հանճարներ, որոնք ծնած են Ախալցխայի մէջ: Փոքրիկ Ծուղրութ […]

Հայկական Թաղերու Պաշտպանութեան Համար Զոհուած Մեր Նահատակներուն

Շաբաթ, 6 Յունիսի երեկոյեան, հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած նահատակ հալէպահայերու գաղափարակից ընկերները Ազգ. գերեզմանատուն այցելեցին եւ խունկ ու մոմ վառեցին անոնց շիրիմներուն դիմաց: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան […]

Քաղաքական Զգայախաբութիւն. ՀՅԴ Բիւրոյի ԵԳ Պատասխանատուն Արձագանգած է Փաշինեանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, արձագանգելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչեցուած արտայայտութիւններուն եւ գնահատականներուն, նշած է. «alikonline.ir» – ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը, արձագանքելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՅԴ-ի […]

Երջօ Սամուէլեան 90.000 Ամ. Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան. Ազգային Առաջնորդարան

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը` շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեան, որուն […]

Լիբանանահայութեան Համար Կլենտէյլի Մէջ 165,000 Տոլար Հաւաքուեցաւ

Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համայնքին (Կլենտէյլ) համատեղ ջանքերով կարելի եղած է 165,000 տոլար հաւաքել լիբանանահայութեան կարիքներուն հասնելու համար: Լիբանանահայութիւնը տնտեսական դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի ոչ միայն համաճարակին, այլ […]

Երեսփոխան Բագրատունի Հակահայ Յայտարարութիւններուն Հարցով Կը Դիմէ Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Դատական Իշխանութեան

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին եւ անկէ ետք ստեղծուած հակահայ մթնոլորտին լոյսին տակ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ներքին գործոց նախարար […]

Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Կողք-կողքի Կանգնելու Եւ Ազգային Միասնականութիւն Դրսեւորելու. ՍԴՀԿ, ՌԱԿ, ՀՅԴ Հաղորդագրութիւն

Երէկ` Հինգշաբթի, 11 Յունիսին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային կացութեան: Անոնք անդրադարձան նաեւ ընկերային […]

Անգարայի Վարչական Դատարանը Որոշում Տուած Է Յօգուտ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան

Անգարայի 15-րդ վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է «Մարյակոբ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը գրաւեալ ճանչնալու վերաբերող Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թ24» կայքը: Որոշումէն ետք […]

25 Միլիոն Տոլար Յատկացնել ՀՀ-ի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տնտեսական Հետեւանքներու Վերացման. ANCA-ն Դիմած Է ԱՄՆ Կառավարութեան

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը դիմած է Ծերակոյտի օտարերկրեայ գործողութիւններու հարցերով յանձնաժողովի յատկացումներու ենթայանձնաժողովին՝ կոչ ընելով ընդլայնելու Ուաշինկթընի կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող օգնութեան չափը: Տուեալ ազդեցիկ Ենթայանձնաժողովը կը կազմէ […]