Քաղաքական Զգայախաբութիւն. ՀՅԴ Բիւրոյի ԵԳ Պատասխանատուն Արձագանգած է Փաշինեանին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, արձագանգելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչեցուած արտայայտութիւններուն եւ գնահատականներուն, նշած է.

«alikonline.ir» – ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը, արձագանքելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՅԴ-ի հասցէին երէկ հնչեցւած արտայայտութիւններին եւ գնահատականներին, նշել է.

«Քաղաքական զգայախաբութիւն (Political Hallucination)

Սահմանում։ Երբ երկրի ղեկավարը՝ կը ղեկավարէ իրականութենէն կտրուած, իր աչքին առջեւ առաջացած տեսիլքներով պայմանաւորուած՝ խեղաթիւրուած իրականութեան մէջ։

Նիկոլ Փաշինեանը ախտորոշուած է, եւ արդիւնքը՝ դրական

Երբ մարդկային եւ քաղաքական տհասութիւնն ու բոպիկութիւնը չափ ու սահման չունիո։

Պրն․ Փաշինեանի ոչ ադեկուատ (համարժէք) արտայայտութիւններուն նկատմամբ կը կարծէի որոշ դիմադրողականութիւն (tolerance) ձեւաւորած էի բայց կարծես անոր մօտ կը նշմարուի քաղաքական զգայախաբութեան որոշ ախտանիշներ, ան կը խօսի այն դիրքերէն կարծես կը ղեկավարէ հզօր, անպարտ իշխանութիւն մը, որ անսխալական է, ամենագէտ եւ ամենակարող, բայց աւա՜ղ չի տեսներ այն իրականութիւնը, որ ան ստեղծեց իր իսկ քաղաքական քայլերուն հետեւանքով․ ան կորսնցուց այն ոսկեայ առիթը, որ ունէր համաժողովրդական շարժման իբրեւ արդիւնք, կորսնցուց իր մեծամտութեան պատճառով եւ նեղ-քաղաքական շահերու հետապնդման արդիւնքով։ Հիմա ալ իր անլուրջ գործելաոճին պատճառով անդունդի եզրին հասցուցած է ողջ հանրապետութիւն մը։

Պրն․ Փաշինեան, ժամանակն է առերեսուելու իրականութեան հետ։ Զերծ մնացէք ամէն գնով սուտի եւ ատելութեան բաղադրիչներու հիման վրայ կառուցած ձեր իշխանութիւնը պաշտպանելէ, քանի որ նման իշխանութիւնները դատապարտուած են փլուզման, մի՛ խախտէք բարոյական բոլոր սահմաններն ու քաղաքական բարոյականութեան չափանիշները։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեանը իր հերթական ճեպազրոյցին ժամանակ իր արտայայտութիւններով խոստովանեցաւ, որ ինքը իսկապէս անհաւասարակշիռ եւ անկայուն անհատականութիւն է։ Դժբախտութիւնը կը կայանայ այնտեղ, որ նման մարդ ստանձնած է հսկայական պարտականութիւն մը․ Հայրենեաց աշխարհի ղեկավարի դերակատարութիւնը։

Ճեպազրոյցին ընթացքին, Փաշինեանը՝ խօսելով ՀՅԴ-ի մասին, եւ վերջինիս կատարած յայտարարութեան մասին, ուր կուսակցութիւնը արդարացիօրէն կը պահանջէ գումարել Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ քննելու, արժեւորելու եւ ի հարկին պատասխանատւութեան ենթարկելու պետական պաշտօնակատար անձանց, սկսած վարչպետէն՝ թագաժահրի պատճառած տագնապի դէմ պայքարը ձախողելու համար, ան իր ոճին համաձայն արտայայտուեցաւ մեղմ ըսած, անկիրթ մեկնաբանութիւններով եւ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի ոչ յարիր բառապաշարով։

Եկէք արձանագրենք․

1․ Իշխանամոլութեան հետեւանքով հոգեվարքի մէջ ինկած Պրն․Փաշինեանը մոռցած է, որ 2018-ի ամրան ձեւաւորուած կառավարութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՀՅԴ-ն, ան ալ նոյնինքն իր խնդրանքով։ Այդ օրերուն ՀՅԴ-ն ցանկութիւն անգամ չունէր մաս կազմելու նոր ձեւաւորուող կառավարութեան, բայց հաշուի առնելով սպասուող կարեւոր հանգրուանն ու պետականաշինութեան դժուարին ճանապարհը, համաձայնեցաւ եւ մաս կազմեց Փաշինեանի գլխաւորած առաջին կառավարութեան։

Այդ կառավարութիւնը ձախողեցաւ, որովհետեւ անիկա երբեք չդարձաւ մէկ մարմին, իսկ այդ իրողութեան հիմնական պատճառը այն էր, որ կառավարութեան մէջ գոյութիւն չունէ՛ր խմբային աշխատանք, կառավարութիւնը մասնատուա՛ծ էր, աշխատանքները չէին համադրուեր եւ վերջապէս անիկա կազմաքանդուեցաւ, քաղաքական ուժերու միջեւ խորհրդակցութիւններու բացակայութեան պատճառով տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2-ի խայտառակ իրադարձութիւնը։

2․ Կը կարծեմ կարիք չկայ յիշեցնելու, որ ՀՅԴ-ն առաջիններէն էր, եթէ ոչ՝ առաջինը, որ ձեռք երկարեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ողջ համահայկական կարողութիւնը ի սպաս դնելու՝ համաճարակը միասին յաղթահարելու նպատակով։ ՀՅԴ ՀԳՄ-ի 48 կէտերէ բաղկացած action plan-ը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը վկայ։

Հակառակ Փաշինեանի առհամարանքին՝ ՀՅԴ-ն ըրաւ եւ դեռ կը շարունակէ ընել իր ընելիքը – ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութեամբ, որ մինչեւ այսօր ՀՀ մարզերու մէջ օժանադակութիւն հասցուցած է մօտ 2000 կարիքաւոր ընտանիքի (նուազագոյնը 6000 քաղաքացիի)։ Հայ օգնութեան միութեան, ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի եւ ընդհանրապէս ՀՅԴ համաշխարհային ողջ կառոյցը՝ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին՝ ամբողջութեամբ լծուած է Հայաստանին եւ Արցախին տարատեսակ աջակցութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերլու աշխատանքին։

Ի պատասխան այս ամէնուն, Փաշինեանը երեխայի հոգեբանութեամբ եւ «յարդագողի» պահուածքով ՀՅԴ ՀԳՄ պատրաստած փաթեթէն, որոշ կէտեր վերցնելով, քաղաքական համբաւ վաստակելու նպատակով, ինքնագլուխ գործունէութեամբ տապալեց անոնց ճիշդ գործադրումը։

Պրն․ Փաշինեան կը խնդրեմ, դուք ձեզի այլեւս զոհի կարգավիճին մէջ մի դնէք, ատիկա վայել չէ երկրի ղեկավարին։ Այո՛, թագաժահրը պատերազմ յայտարարած է մեր երկրի եւ ժողովուրդի անվտանգութեան, բայց այդ պատերազմի ընթացքին ո՛չ ոք ձեր դէմ աշխատած է, այլ՝ ընդհակառակը, օգնութեան ձեռք մեկնած է, բայց դուք էք, որ զայն առհամարեցիք։ Միշտ յիշեցէք, եթէ խաղ կը խաղաք, իզուր կը խաղաք, ՀՅԴ-ն խաղ խաղացողը չէ, այլ խոնարհ զինուորն է՝ ազգի ու հայրենիքի։

Փաշինեանն ու իր իշխանութիւնը կը քարոզեն եւ կը խօսին ժողովրդավարութեան մասին, երբ ատոր կողքով անգամ չեն անցնիր։ Կը խօսին մարդու իրաւուքներու առկայութեան մասին, երբ հիմնական ոտնահարողները նոյնինքն իրենք են, որ կան։ Կրկնակի չափանիշներ ունենալու պատճառով կը խորտակէք ամբողջ երկրի մը ապագան։

Ի վերջոյ, դիմակդ պիտի պատրուի նաեւ ժողովուրդիս այն հատուածին առջեւ, որոնք դեռ կամայ թէ ակամայ կը գտուին «հմայքի»դ ազդեցութեան տակ։

Այո՛, գիտեմ, դաշնակցութեան խօսքը դիւրին չի մարսուիր, բայց գիտցիր, որ անիկա միշտ անկեղծ է։ Իսկ կա՞մքը, դաշնակցութեան կամքը երբեք չի պարտուիր, քանի որ անիկա կոփուած է պողպատէն։

Յ․Գ․ Կը խոստանամ, իրարու հետ պիտի յաղթահարենք նաեւ քաղաքական զգայախաբութեան պատճառած վնասները, քեզի համար դժուար, բայց վստահ եմ, որ քեզի համար ալ կը ձեւաւորենք՝ յստակ, անշահախնդիր ու ազնիւ արտայայտութիւններ, գնահատականներ եւ դատողութիւններ կատարելու ունակութիւնը»։

Յիշեցնենք՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պարետատան նիստէն ետք, պատասխանելով Yerkir.am-ի առցանց ուղարկած այն հարցին, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը կարծէ, որ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ կառավարութեան քայլերը կա՛մ անարդիւնաւէտ են, կա՛մ ուշացած, յաճախ՝ նաեւ սխալ եւ կը պահանջէ, որ ԱԺ-ն յատուկ նիստ գումարէ, ուր կառավարութեան հետ պիտի քննարկի ճգնաժամէն դուրս գալու լուծումներ եւ պատասխանատւութեան պիտի կանչէ ձախողած բոլոր պաշտօնատար անձերը՝ սկսեալ թիւ մէկ պատասխանատու վարչապետէն։ Ձեր քաղաքական խումբը արդեօ՞ք պատրաստ է յանուն ժողովուրդի առողջութեան այսպիսի քայլ ընելու եւ դուք՝ անձամբ, պատրա՞ստ էք մասնակցելու այդ օրակարգով նիստին, մասնաւորապէս նշած էր.

«Դաշնակցութեան համար մեծ հաշուով ոչ մէկ բան փոխուած է, որովհետեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները այդ նոյն հռետորիկայով եւ կառավարութեան հրաժարականի ենթաթեքսթով կը խօսէին 2018-ի ամրան, երբ ընդամենը 1-2 ամիս անցած էր կառավարութեան ձեւաւորումէն։

Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ Հայաստանի մէջ ոչ միայն առողջապահական, այլեւ քաղաքական քորոնավիրուս կը տարածուի, որ, ի տարբերութիւն առողջապահական քորոնավիրուսի, իմ կարծիքով, պիտի բերէ այդպիսի՝ բացիլի յատկանիշ ունեցող քաղաքական եւ հասարակական ուժերու քաղաքական իմաստով մահուան․ ատիկա իմ համոզումն է եւ պիտի տեսնէք, որ այդ քաղաքական ուժերը ամբողջութեամբ դուրս պիտի մղուին Հայաստանի քաղաքական, հասարակական կեանքէն, որովհետեւ իրենք այս օրերուն իրենց գործունէութեամբ կը կառուցեն իրենց քաղաքական գերեզմանաքարը»։

Նիւթը՝ alikonline.ir-ի էջէն արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը