ՀՀ Կառավարութիւնը Որոշեց Արտակարգ Դրութեան Ժամկէտը Եւս 30 Օրով Երկարաձգել

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ Կառավարութիւնը, 2020 Յունիս 12-ի արտահերթ նիստին, մէկ ամիսով երկարաձգեց արտակարգ դրութիւնը: Արտակարգ դրութիւնը պիտի աւարտի վաղը՝ Յունիս 13-ին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահր հիւանդութեան հետեւանքով առաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին ու առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման։

2020 Մարտ 16-ին արտակարգ դրութիւն յայտարարելու համար հիմք ծառայած հանգամանքները դեռ չեն վերացած, որուն մասին կը վկայեն, մասնաւորապէս, Յունիս 12-ի դրութեամբ հաստատուած «քորոնա» ժահր հիւանդութեան դէպքերը, ինչպէս նաեւ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակի յետագայ տարածումը եւ վարակի դէպքերու թիւի աճը կը շարունակեն սպառնալ մարդոց կեանքին ու առողջութեան»,- ըսուած է որոշման մէջ։