Ինչո՞ւ Կը Հրկիզուին Սուրիական Ճեզիրայի Բերրի Արտերը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանը երկրի ամէնէն բերրի շրջանը կը համարուի: Այդ շրջանը պատմութեան ընթացքին անուանուած է Սուրիոյ սննդակողովը, որովհետեւ հարուստ եղած է յատկապէս հացահատիկներու ընտանիքին պատկանող արմտիքներու՝ ցորենի եւ գարիի բերրի դաշտերով, կենդանական աշխարհով եւ քարիւղով:
Սուրիական Ճեզիրէն կ’ընդգրկէ Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիարեւելեան շրջանները՝ առաւելաբար Հասիչէի, Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի նահանգները: Անոր տարածութիւնը Սուրիոյ ընդհանուր տարածութեան մէկ երրորդն է, հիւսիսէն ան սահմանակից է Թուրքիոյ, արեւելքէն՝ Իրաքի, արեւմուտքէն կը կապուի Սուրիոյ Հալէպ նահանգին, իսկ հարաւարեւմուտքէն՝ Համա եւ Հոմս նահանգներուն:
Նախքան պատերազմը, Ճեզիրէի շրջանը տարեկան 1000 թոնի հասնող քանակութեամբ ցորեն ու գարի կ’արտադրէր, ու թէեւ պատերազմի տարիներուն նուազած էր արտադրութիւնը, սակայն 2018-ի աւարտին, պատերազմի համեմատական մեղմացումով, ցորենի եւ գարիի արտերու մշակումը աստիճանաբար բարելաւուիլ սկսած էր: Թրքական ուժերու թափանցումով, սակայն, թիրախ դարձան շրջանի բերրի դաշտերը, մէկէ աւելի անգամներ հրկիզուեցան ցորենի ու գարիի արտերու հազարաւոր հեկտարներ, որոնք շրջանի գիւղացիներուն եկամուտի հիմնական աղբիւրը կը համարուէին: Տեղական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ վերջին 1,5 տարուան ընթացքին աւելի քան 100.000 հեկտար մշակուած արտ հրկիզուած ու ածխացած է շրջան ներխուժած թրքական եւ ամերիկեան ուժերու ծրագրաւորումով եւ իրականացումով:
Շրջանի գիւղացիները բողոքի իրենց ցոյցերով ձայն բարձրացուցին, պոռթկացին ու պահանջեցին երկրէն վանել օտար ուժերը, որոնք կը փորձեն այս անգամ տնտեսական ճնշում բանեցնել իրենց վրայ, պարտադրել տեղւոյն բնակչութիւնը, որ գործակցին օտար ուժերու հետ, եւ վերջապէս Սուրիոյ դէմ տնտեսական ճնշումներու օղակ մը եւս հաստատել, ոչ միայն անկումի ենթարկելու Սուրիոյ տնտեսութիւնը, այլեւ երկիրը աստիճանաբար դուրս բերելու իր ինքնաբաւ տնտեսութեան պաշտպանուածութենէն եւ աղքատութեան, սովի մատնելու երկրի բնիկ ժողովուրդը: Ճեզիրէի բերրի արտերուն հրկիզումը, քարիւղին շահագործումն ու ջուրի պաշարներու չարաշահումը՝ շրջանի եւ ողջ Սուրիոյ բնակչութեան այս անգամ ոչ թէ զէնքով, այլ տնտեսական ճնշումներով սպառնալու ամէնէն դաժան միջոցներն են, որոնք պատերազմական ոճիր կը համարուին, համաձայն 1998-ին Հռոմի մէջ վաւերացուած միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան ութերորդ յօդուածին,որ կիրարկուիլ սկսած էր 2002-էն ի վեր: Յօդուածին համաձայն, պատերազմներու ընթացքին գոյքի ոչնչացումը եւ բռնագրաւումը, զինուորական բախումներու հետ անմիջական կապ չունեցող տարածքներու վրայ, կը համարուին պատերազմական յանցագործութիւններ:
Սուրիոյ պետութիւնը, բազում ճակատներու վրայ պայքար մղելով մէկտեղ, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ միջազգային ատեաններու դիմաց բացայայտելու այս ոճիրը, միեւնոյն ատեն պահպանելու երկրին ինքնաբաւ տնտեսութիւնը, սննդական ապահովուածութիւնը, հակառակ երկրին վրայ բանեցուած զինուորական եւ տնտեսական աննախադէպ ճնշումներուն:
Ճեզիրէի բերրի արտերուն հրկիզման պատասխանատուները այդ շրջանի տարածքները բռնագրաւող օտար ուժերն են, որոնք պատասխանատուութեան պէտք է հրաւիրուին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած անմարդկային իրենց վերաբերմունքին, այլեւ պատերազմական յանցագործութեան համար: