Փայլանը Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Մեղադրած է Տեղեկութիւններու Իսկութիւնը Խեղաթիւրելու Մէջ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ծաւալուող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն։ Ան Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրած է […]

Համաժողովրդային Բողոքի Հաւաք Յունաստանի Մէջ

Համաժողովրդային բողոքի հաւաքԱտրպէյճանի յարձակողականութեան դէմ Չորեքշաբթի՝ 30 Սեպտեմբեր 2020, երեկոյեան ժամը 5-ին,Սինտաղմայի հրապարակին վրայ: Պիտի կիրարկուին առողջապահական եւ հեռաւորութիւն

Մեր Ոգին Յանձնուիլ Չի Գիտեր. Կլենտէյլի Մէջ Ազրպէյճանի Սադրանքներուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր Կ՝ընթանան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Կլենտէլ քաղաքին մէջ հարիւրաւոր հայեր բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ի պաշտպանութիւն հայրենիքի սահմաններուն եւ ընդդէմ Արցախի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ […]

Միջազգային Հանրութենէն Կը Պահանջենք Դատապարտել Ամբողջ Տարածաշրջանը Ապակայունացնող Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Գործողութիւնները. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակ

27 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան, Թուրքիոյ փաստացի մասնակցութեամբ ու զօրակցութեամբ, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը նախապէս ծրագրուած հերթական յարձակում ձեռնարկած է Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Սահմանագիծի ողջ երկայնքով ազրպէյճանական կողմը աշխոյժ հրետակոծութիւն սկսած […]

Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութիւնը եւ Կը Զօրակցին Հայաստանին ու Արցախին

Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի ծաւալած ռազմական գործողութիւններուն եւ յարձակումներուն առաջին իսկ վայրկեաններէն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու տարած ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի […]

Լիայոյս Ենք, որ Այս Կռիւն Ալ Կը Յաջողինք Ազգովին Մղել եւ Դարձեալ Համազգային Յաղթանակ Ապահովել. Հաղորդագրութիւն

Ազրպէյճան, Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, դարձեալ պատերազմ շղթայազերծած է Արցախի դէմ, սահմանի ամբողջ երկայնքին: Ան չի խնայեր նոյնիսկ խաղաղ բնակչութեան եւ կը ռմբակոծէ մինչեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Երեւոյթները ցոյց կու […]

Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Խմբակցութեան Ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըր Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանական Յարձակումը

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ գրառումով դատապարտած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը։ Ռէյչըլ Հարտըր […]

​Ո՜վ Տէր, Եղիր Պահապան Մեր Զինուորներուն. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։​ Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ու արեան նահատակութեամբ։​ Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զինուորները քաջօրէն […]

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տեղեկատւութեան Արշաւը

Ար­ցա­խի դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած ազր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մէն ետք եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քը շու­տով տե­ղեակ պա­հե­լու նպա­տա­կով, ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, լու­սան­կար­ներ եւ տե­ղե­կա­տ­ւու­թիւն տա­րա­ծեց  յու­նա­կան լրա­տո­ւա­դաշ­տին մօտ։ […]

Սերժ Թանքեան Artsakh Երգով Ոգեւորած է Արցախի Մէջ Մարտնչող Զինուորները

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան հրապարակած է Artsakh երգի  չթողարկուած տարբերակը` զայն նուիրելով հայ զինուորներուն, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններու հետեւանքով կենաց-մահու կռիւ կը […]