Կոչ Կ՝ընենք Քաղաքական Ճնշում Իրականացնելու Ազրպէյճանի Բռնապետական Իշխանութիւններուն Վրայ. ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած պատերազմական իրադրութեան վերաբերեալ․ Նոյեմբեր 16-ին՝ ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումները յարձակման անցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանին ուղղութեամբ։ […]

Մեր Ժողովուրդը Պէտք է Ցուցաբերէ Ամուր Միասնականութիւն, Աննկուն Կամք եւ Անզիջող Կեցուածք. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ազրպէյճանական ուժերու Սիւնիք ներխուժման վերաբերեալ կը յայտարարէ. «Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն հազիւ տարի մը անցած, ահաւասիկ նոյն թշնամին, աշխարհին դիմաց, արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները […]

Հայրենական Հողին Տէր Կանգնելու Սրբազան Պատասխանատւութիւնը Բոլորիս Պարտականութիւնն է. Յայտարարութիւն

Այսօր՝ Նոյեմբեր 16-ին, ազրպէյճանական բանակը յարձակած է հայկական սահմանի արեւելեան կողմը, խախտելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։ Ներկայիս սաստիկ մարտեր տեղի կ՝ունենան’ հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այսօրուան նոր յարձակումը՝ […]

Աշ­խար­հի Ար­ծա­թեայ Մե­տա­լա­կիր Յու­նա­հայ Արա Ճանիկեան Իր Յաղթանակը Կը Նուիրէ Արցխեան 44-օրեայ Պատերազմի Հերոսներուն

Ժու-­Զի­ցու մարմ­նա­մար­զի ­Յու­նաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ա­րա ­Ճա­նի­կեան ան­գամ մը եւս բարձ­րա­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան պա­տո­ւան­դա­նին վրայ, երկ­րորդ դիր­քը գրա­ւե­լով Ա­պու ­Տա­պիի մէջ ըն­թա­ցող ­Ժու-­Զի­ցու հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­շար­քին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]

Քրտական Հարցը Չի Լուծուիր Առանց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման. Օքսֆորտի Քիւրտ Հետազօտող

Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին քիւրտերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցները եւ կարեւոր դեր խաղցած են այս գործընթացին մէջ։ Այս մասին՝ «Նոր Սեւան» հայ-արժանթինական խմբագրութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Օքսֆորտի […]

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանը Լոյս Ընծայեց Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»-ը Գիրքին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։ Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով […]

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայորդիներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

27 Սեպտեմբերէն 9 Նոյեմբեր 2020 երկարող 44-օրեայ ճակատագրական եւ բախտորոշ պատերազմը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թողուց իր արիւնախառն յիշատակը: Այս պատերազմով վերաշեշտուեցաւ թուրքին ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, որ անդրկովկասեան երկիրներուն ներքին ու […]

Երբ Խօսքը Կը Վերածուի Գործի. Ներկայացուած է Սանահին Բաբաջանեանի «Տիեզերքում Դեգերելիս» Խորագիրով Ցուցահանդէսը

Թեհրանի «Արան» ցուցասրահին մէջ բացուած է Սանահին Բաբաջանեանի «Տիեզերքում դեգերելիս» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։ Սանահին Բաբաջանեանը ժամանակակից հայ նկարիչ է, որուն համար փորձարկումները, նոր տարածքներու […]

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, թէ 6 Նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին, ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին, գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր […]

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին

Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2021-ին, Նիկոսիոյ Արմենիաս փողոցի վրայ բացումը կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին, ուր զետեղուած յուշակոթողին բացումը կատարեց Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու։ Կիպրահայ համայնքի անդամներէ եւ կիպրական կառավարութիւնը եւ պետութիւնը […]