­Մեր Նիւ­թա­կան Ա­ջակ­ցու­թեամբ Նպաս­տենք Եր­կու Կա­րե­ւոր Գա­ղութ­նե­րու Գո­յա­տեւ­ման

Սփիւռք

­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր տե­ղեակ է ­Լի­բա­նա­նի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան դժնդակ կա­ցու­թեան մա­սին, որ ծան­րօ­րէն ազ­դած է ­Լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թին վրայ։ ­Նոյնն է վի­ճա­կը նաեւ սու­րիա­հա­յու­թեան, ուր պա­տե­րազ­մի վէր­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն խո­րա­պէս ճնշել ­Սու­րիա­հա­յու­թեան վրայ։

­Մեր եր­կու կա­րե­ւոր այս կեդրոն­նե­րը պէտք ու­նին հա­մա­հայ­կա­կան հա­յու­թեան նե­րու­ժին ու նե­ցու­կին, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան դուրս գալ ծանր վի­ճա­կէն։
­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­գա­ղու­թա­յին մեծ ճիգ կը տարուի, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն դի­մագրա­ւած ճգնա­ժա­մը մեղ­մացնե­լու նպա­տա­կով։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, ­Յունահայոց Ազգային Վարչութեան եւ Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց միա­կամ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ հան­գա­նա­կու­թիւն կը յայ­տա­րա­րո­ւի այս նպա­տա­կով։

Կոչ կ­՚ուղ­ղենք մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ի­րենց կա­րե­ւոր նե­ցու­կը բե­րե­լու եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու հան­գա­նա­կու­թեան ար­շա­ւին։

Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ար­շա­ւը կը վա­յե­լէ Յու­նաս­տա­նի ­
Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին օ­ղակ մը ա­ւելց­նել նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու շղթա­յին, թող բա­րի ըլ­լան ի­րենց նո­ւէր­նե­րը մու­ծել ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի դրա­մատ­նա­յին հե­տե­ւեալ հա­շի­ւին, նշե­լով ա­նուն-մա­կա­նուն եւ «Ενίσχυση για Λίβανο-Συρία» ΕΘΝΙΚΗ ΤΡΑΠΕΖΑ IBAN GR1801101840000018429600283
կամ գու­մա­րը հասց­նե­լով «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տուն,
ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան։

­Մեր նիւ­թա­կան նպաս­տով օգ­նենք որ­պէս­զի ­
Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը դուրս գայ տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րէն:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ