Հայ Դատի Յանձնախումբերն ու Գրասենեակները Քայլ Անգամ Պիտի Չի Նահանջեն Հայութեան Շահերու Պաշտպանութեան Դիրքերէն. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Սոյն թուականի Նոյեմբեր 29 – Դեկտեմբեր 3 Երեւանի, Գորիսի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին մասնակցած են Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերու շուրջ 50 ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովի մասնակիցները լսեցին զեկուցումներ՝

ա) ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի գերագոյն մարմնի կողմէ՝ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն, ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակին եւ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ու այնուհետեւ ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգի աշխատանքներուն մասին,

բ) ոլորտային փորձագէտներու կողմէ ներկայացուած՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ քայլերուն եւ զարգացումներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝

գ) Արցախի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ (Արտաքին գործոց նախարար, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար)՝ համապատասխան ոլորտներուն վերաբերեալ։

Խորհրդաժողովի մասնակիցները Երեւանի մէջ այցելեցին Եռաբլուր, իսկ Ստեփանակերտի մէջ՝ Եղբայրական գերեզմանատուն-յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան բոլոր մարտերուն եւ ՀՀ սահմաններու պաշտպանութեան ժամանակ զոհուածներուն յիշատակին։ Անոնք ծաղկամատոյցով յարգեցին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակը։

Խորհրդաժողովը քննութեան առաւ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութիւնը բոլոր ուղղութիւններով՝ սկսեալ 2020թ․ Փետրուարին կայացած նախորդ խորհրդաժողովէն։ Հայ ժողովուրդի նկատմամբ նախորդ տարի սանձազերծուած ազրպէյճանաթրքական յարձական եւ անոր հետևանքով ստեղծուած նոր իրավիճակին համապատասխան՝ խորհրդաժողովը կատարեց անհրաժեշտ աշխատակարգային եւ մարտավարական ճշգրտումներ, յստակեցուց գործողութիւններուն ծրագիրը՝ միտուած աւելի ընդարձակելու Հայ Դատի գործունէութեան շրջանակը եւ ճշգրտելու թիրախները։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կարողականութիւններու զարգացման վրայ՝ ցանցային գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ծիրէն ներս։

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ խորհրդաժողովը արձանագրեց

  1. Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները քայլ անգամ պիտի չի նահանջեն հայութեան շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն եւ յաւելեալ թափով պիտի լծուին նոր նախաձեռնութիւններու կենսագործման, որոնք նպատակ պիտի ունենան նպաստելու Հայաստանի անվտանգութեան, ժողովրդագրութեան բարելաւման, տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական խնդիրներու լուծման:
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգի հզօրացումը պայմանաւորուած է արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռմամբ եւ բովանդակային յագեցուածութեամբ։ Հայաստանը պէտք է վստահելի գործընկեր հանդիսանայ եւ քաղաքական որոշակի օրակարգ ունենայ ինչպէս ռազմավարական դաշնակիցի, այնպէս ալ ռազմավարական գործընկերներու եւ առհասարակ բարեկամ պետութիւններու հետ:
  3. Արցախեան հիմնախնդրի վերջնական ու համապարփակ լուծումը հնարաւոր է միջազգային իրաւունքով սահմանուած կարգով՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրացման հնարաւորութեան վերականգնման եւ ճանաչման, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու վերագրաւման պարագային։ Արցախի Հանրապետութիւնը մինչեւ իր անկախութեան լիարժէք ճանաչումը պէտք է ունենայ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած անվտանգութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անխափան ցամաքային կապ։ Արցախի կարգավիճակի ճշտման համար պէտք է վերաշխուժանան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահութեան միջնորդութեամբ բանակցութիւնները:
  4. Հայ Դատի յանձնախումբերը, Ուաշինկթընի մէջ գրանցուած «Հայկական իրաւական կեդրոն»-ին հետ, պիտի շարունակեն միջազգային դատական գործընթացներու մէջ հետապնդել հայ ռազմագերիներուն խնդիրը՝ Ազրպէյճանի դէմ ներկայացնելով բազմաբնոյթ դատական գործեր, որոնք կը վերաբերին նաեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած պատերազմական յանցագործութիւններուն:
  5. Հայ Դատի յանձնախմբերն ու գրասենեակները հետեւողական աշխատանք պիտի տանին Արցախի, ներառեալ ներկայիս ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ գտնուող անոր հատուածներուն մէջ, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ անոր հայկական պատկանելութեան պահպանման ուղղութեամբ՝ աշխատելով խնդիրով մտահոգ պետութիւններու, միջազգային մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ:
  6. Պիտի շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հետապնդման գործընթացը։ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումն ու հետեւանքների հնարաւորինս յաղթահարումը պէտք է ամրապնդուի որպէս միջազգային խնդիր՝ մարդկութեան նկատմամբ յետագայ ցեղասպան գործողութիւններու կանխման ծիրէն ներս:
  7. Թուրքիոյ ներկայ պահուածքը եւ յարձակողական քաղաքական վարքը պէտք է ուշադրութեան արժանանայ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ՝ իբրեւ համաշխարհային սպառնալիք։ Թուրքիան, իր բանթուրքական անթաքոյց նկրտումներով, վերածուած է միջազգային յարաբերութիւնները կազմաքանդող եւ իրեն հարակից գրեթէ բոլոր տարածաշրջանները ապակայունացնող գործօնի։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հրահրումով, ապա այնտեղ ուղղակի ներգրաւմամբ՝ Թուրքիան, ըստ էութեան, ինքզինք դուրս դրած է միջազգային յարաբերութիւններու իրաւակարգաւորման տիրոյթէն:
  8. Թուրքիոյ ներկայ սանձարձակ պահուածքը խթանող գործօններէն մէկն ալ այդ պետութեան նախկին ու ներկայ բռնութիւններու եւ ոճրագործութիւններու, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան համար միջազգային պատասխանատւութեան չենթարկուելու հետեւանք է:
  9. Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի շարունակենք խստօրէն յորդորել եւ զգուշացնել՝ Հայաստան-Թուրքիա քաղաքական երկխօսութեան պարագային կասկածի չեն կրնար ենթարկել մեր հայրենիքի գերիշխանութիւնը, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը.
  10. Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական վարքը, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին առնչուող տարերային յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնախնդրին մէջ անյստակութիւնը ոչ միայն կը հարուածեն հայոց պետականութեան անվտանգութեան ու ազգային-պետական շահերուն, այլեւ կը խոչընդոտեն Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութիւնը վերոյիշեալ ուղղութիւններով:
  11. Քննարկելով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը՝ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները պիտի շարունակեն յատուկ ուշադրութեան տակ պահել Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայահոծ համայնքներու խնդիրներն ու ապահովել համապատասխան օժանդակութիւն միջազգային աղբիւրներէ:
  12. Անկախ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակէն՝ Հայ Դատի յանձնախմբերը աշխատանքները պիտի վերաշխուժացնեն նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ:
  13. Պիտի շարունակենք մղել հայ երիտասարդութիւնը որպէսզի հայրենիքի, թէ սփիւռքի պարագային մասնակցին իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական կեանքին:
  14. Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները շարունակաբար պիտի արդիականացնեն իրենց գործելաոճը եւ ընդարձակեն հասարակական ցանցերու մէջ իրենց գործուն ներկայութիւնը՝ որդեգրելով ժամանակակից արդիական միջոցներ:
  15. ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը պիտի շարունակէ հանրութիւնը իրազեկել ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ յընթացս զարգացումներուն վերաբերեալ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

06.12․ 2021 թ.