ՀՅԴ Հայ Դատի Ֆրանսայի Յանձնախումբին Հրաւէրով Արման Թաթոյեան Բարձրաստիճան Հանդիպումներ ու Խորհրդակցութիւններ Պիտի Կ՝ունենայ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 6-13 ՀՅԴ Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան բարձրաստիճան հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ կ՝ունենայ Ֆրանսայի պետական շարք մը մարմիններու, Եվրոպական միութեան խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ:

Բացի քաղաքական հանդիպումներու ծրագիրէն, ան կը հանդիպի Փարիզի, Ալֆորտվիլի, Լիոնի, Վալենսիայի եւ Մարսէյլի համայնքներուն հետ: