ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը՝ Արցախի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 29-ին սկսած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը Դեկտեմբեր 2-3-ին իր աշխատանքները շարունակեց Ստեփանակերտի մէջ: Խորհրդաժողովի աշխատանքները մինչ այդ գումարուած էին նաեւ Գորիսի մէջ:

Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ ժամանած մօտ 50 ներկայացուցիչները Ստեփանակերտի մէջ նախ այցելեցին Եղբայրական գերեզմանոց՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Արցախեան պատերազմներու զոհերուն յիշատակին:

Դեկտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, խորհրդաժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան ԱՀ ԱԺ նախագահի, խորհրդարանի մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներու, պատգամաւորներու, ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ԱՀ արտաքին գործոց նախարարի, ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հետ: Հրաւիրեալները նախ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքով, տեղեկութիւններ հաղորդեցին իրենց ոլորտներուն մասին եւ պատասխանեցին մասնակիցներու հարցերուն:

Դեկտեմբեր 3-ին, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները այցելեցին Ասկերանի շրջանի շարք մը համայնքներ, ծանօթացան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու բնակիչներուն համար կառուցուող բնակարաններու շինարարական աշխատանքներուն: