Ս. Պատարագ՝ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուած է Ս. պատարագ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի նախագահութեամբ Ս. պատարագը տեւած […]

Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատարագին Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը

Սեպտեմբեր 9-ին երեք տարուան ընդմիջումէն ետք Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կրկին պատարագ պիտի մատուցուի: Պատարագին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Նախարար Էրսոյի մասնակցութիւնը Հայ առաքելական […]

Էրզրումի Պատմական Բերդի Տարածքին Թուրք Հնագէտները 150 Տարուան Պայթուցիկներ Յայտնաբերած են

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էրզրումի (Կարին-Tert.am) պատմական բերդի տարածքին թուրք հնագէտները պայթուցիկներ յայտնաբերած են, կ՛ենթադրուի, որ ատոնք 150 տարուան պատմութիւն ունին, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը: Հնագէտները պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած […]

Վանի Հայկական Եկեղեցիին Կից Գերեզմանոցը Թուրքերը Վերածած են Ժամանցային Վայրի

Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կից հայկական գերեզմանոցը վերածուած է ժամանցային վայրի, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Թէեւ կղզիին մէջ կան անվտանգութեան աշխատակիցներ, այնուամենայնիւ, զբօսաշրջիկները կը քալեն գերեզմանոցի մէջէն, կը զբօսնին […]

Վանի Աղթամար Կղզիի Սբ. Խաչ Եկեղեցին Պատարագի կը Պատրաստուի

Վան նահանգի Գեւաշի շրջանին մէջ կը շարունակուին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուելիք պատարագի պատրաստութիւնները: Երեք տարուան դադարէն ետք՝ եկեղեցին կրկին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալ հոտին առջեւ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ […]

Էրտողան Որոշած է Վանայ Լիճի Ափին Նախագահական Պալատ Կառուցել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մանազկերտի ճակատամարտի յաղթանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտնած է, որ որոշած է Վանայ լիճի ափին գտնուող Խլաթ քաղաքին մէջ նախագահական պալատ կառուցել: Ըստ News.am-ի՝ վկայակոչելով […]

ASİMDER-ի Նախագահը Կը Պնդէ, Որ Համշէնահայերը «Զտարիւն Թուրք Են»

Իր հակահայ յայտարարութիւններով եւ գործունէութեամբ յայտնի «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»՝ ASİMDER-ի նախագահը դարձեալ անդրադարձած է համշէնահայութեան խնդրին, պնդելով որ անոնք «զտարիւն թուրք են»: Կէօքսէլ Կիւլպէի՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս գալուն պատճառը վերջերս UNESCO-ի կողմէ հրապարակուած «Անհետանալու վտանգի տակ գտնուող լեզուներու աթլասը», որուն մէջ ընդգրրկուած էր նաեւ հայոց լեզուի համշէնի բարբառը, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուի մեկնաբանութիւնը (զոր կրնաք ամբողջութեամբ ընթերցել հետեւեալ հասցէով` http://akunq.net/am/?p=61677): Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: […]

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1.5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է՝ 1.5 միլիոն տոլարով, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը: Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ […]

Նշանաւոր Սասունցի Հայ Ոսկերիչին Մասին Անդրադարձած է Թրքական Լրատուամիջոցը

Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ նշանաւոր հայ ոսկերիչ Վիքթոր Օճալի հետ, որ իր յուրօրինակ մօտեցումներով յայտնի է յատկապէս գոհարագործութեան ոլորտին մէջ: Արմատներով պատմական Սասունի Նիչ գիւղէն Օճալներու ընտանիքը շուրջ 4 տասնամեակէ ի վեր  կը բնակի Պոլիս, ուր ծանօթացած են ոսկերչական արուեստին` պոլսահայ վարպետներէ իւրացնելով […]

Տեղի Ունեցաւ Վանեցի Հայերու ւանդական Տարազներու Լուսանկարներու Ցուցահանդէսի Բացումը

Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Օգոստոս 23-ին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդ` Աղթամարի» խորագիրով վանեցի հայերու աւանդական տարազներու լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը: Տարազներու հեղինակը պոլսահայ արուեստաբան Ժուլիա Մութլուն է, լուսանկարիչը` բնիկ վանեցի, աւանդական ժողովրդական մշակոյթներու մասնագէտ, լուսանկարիչ Այթաչ Արազ Սելչուկը: Ձեռնարկին աջակցած են Մաքրուհի եւ Գէորգ Յակոբեանները` […]