Վանի Աղթամար Կղզիի Սբ. Խաչ Եկեղեցին Պատարագի կը Պատրաստուի

Աշխարհ, Էրկիր

Վան նահանգի Գեւաշի շրջանին մէջ կը շարունակուին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուելիք պատարագի պատրաստութիւնները: Երեք տարուան դադարէն ետք՝ եկեղեցին կրկին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալ հոտին առջեւ։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները կը համակարգուին Վանի  նահանգապետարանին կողմէ` համապատասխան հաստատութիւններու մասնակցութեամբ:

Վանի զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի մատուցուող պատարագին առիթով՝ կ՝ակնկալուի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք:

Կը նշուի, որ Վանի մէջ ամբողջութեամբ սպառած է հիւրանոցներու ամրագրման հնարաւորութիւնը: Վան պիտի այցելեն, թէ՛ ներքին զբօսաշրջութեամբ հետաքրքրուողները եւ թէ՛ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները, մասնաւորպէս Հայաստանէն եւ Իրանէն:

Վանի առեւտրաարդիւնաբերեկան պալատը զգուշացումներ ըրած է առեւտրականներուն՝ ծառայութիւններու մատուցման եւ գնագոյացման հարցերով:

Պալատի ներկայացուցիչ Ֆարուք Պիներ նշած է, որ Վանը «հոգեւոր զբօսաշրջութեան» համար կարեւոր կեդրոն է:

Ան յորդորած է տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն հանդէպ յարգալից ըլլալու եւ անպայման ուշադրութիւն դարձնելու սպասարկման որակին, ճաշարաններու,  սրճարաններու, հիւրանոցներու եւ առեւտրային կեդրոններու գիներուն:

«Մեր նահանգին մէջ այնպիսի ուրախ միջավայր պէտք է ստեղծենք, որ միւս տարիներուն աւելի մեծնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը: Բոլորը իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պէտք է աջակցին, որպէսզի Վանը դառնայ կրօնական, զբսօաշրջական եւ առեւտրային կեդրոն»,- ըսած է ան: