Զօրամասի Հերթապահ Մասին Մէջ Յայտնաբերուած է Աւագ Հարիւրապետի Դին

Հայաստան

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան իններորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ կը քննուի աւագ հարիւրապետ Կարէն Սամուէլի Յովհաննիսեանի մահուան հանգամանքները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն:

2018-ի Օգոստոս 29-ին` ժամը մօտ 08:15-ին, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի հերթապահ մասին մէջ յայտնաբերուած է զօրամասի հերթապահ, աւագ հարիւրապետ Կարէն Սամուէլի Յովհաննիսեանը` կզակի եւ գլխու գագաթնային շրջանին մէջ մահացու հրազէնային վէրքով:

Կատարուած է դէպքի վայրի զննութիւն: Յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասով:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Տեղի կ՛ունենան անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` զինծառայողի մահուան հանգամանքներու բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ հետազօտումը ապահովելու ուղղութեամբ: