Տեղի Ունեցաւ Վանեցի Հայերու ւանդական Տարազներու Լուսանկարներու Ցուցահանդէսի Բացումը

Էրկիր, Հայաստան

Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Օգոստոս 23-ին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ԱւանդԱղթամարի» խորագիրով վանեցի հայերու աւանդական տարազներու լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը:

Տարազներու հեղինակը պոլսահայ արուեստաբան Ժուլիա Մութլուն է, լուսանկարիչը` բնիկ վանեցի, աւանդական ժողովրդական մշակոյթներու մասնագէտ, լուսանկարիչ Այթաչ Արազ Սելչուկը: Ձեռնարկին աջակցած են Մաքրուհի եւ Գէորգ Յակոբեանները` կատարելով հայկական նախկին տեղանուններու եւ սրբավայրերու ստուգումն ու հայերէն թարգմանութիւնները:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ սփիւռքի փոխնախարար Արամայիս Գրիգորեան, որ ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը. «Տիկին Ժուլիա Մութլուին քաջածանօթ է հայ հասարակութեան. մենք  քանի մը անգամ արդէն բախտը  ունեցած ենք հանդիպելու անոր, վայելելու անոր բարձրարուեստ գործունէութեան արգասիքը, մասնակցելու անոր հեղինակած ազգային տարազներու աննախադէպ ցուցա­դրութեան Երեւանի մէջ եւ մեր հիացմունքն ու գոհունակութիւնը յայտնած այդ առթիւ: Տիկին Մութլուն մասնակից ու համահեղինակ է նաեւ այս ձեռնարկին եւ միայն իրեն յատուկ վարպետութեամբ պատրաստած է 19 տարազներ, որոնք տաղանդաշատ լուսանկարիչ Այթաչ Արազ Սելչուքի երեւակայութեան եւ մտքի թռիչքի ուժով դարձած են ինքնատիպ ու առինքնող լուսանկարներ»:

Այթաչ Արազ Սելչուքն առաջին անգամ Հայաստան կ՛այցելէ, վերջինս շրջած է Վանի գիւղերով ու գիւղաքաղաքներով, եղած բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր մէկ դար առաջ ապրած են հայեր ու ստեղծած յառաջադէմ քաղաքակրթութիւն: Ան գտած է սրբավայրեր, քանդուած վանքեր ու եկեղեցիներ, մկրտարաններ ու խաչքարեր, մարմարէ կիսաքանդ յուշարձաններ, հայատառ տապանաքարեր ու ատոնց մօտ լուսանկարած հայկական տարազներ հագած երիտասարդներ ու աղջիկեր:

«Այսօրուան ցուցահանդէսն իր բնոյթով փաստագրական է եւ ունի պատմական նշա­նա­կութիւն: Այն վստահաբար պիտի համալրէ Պոլսոյ հայկական համայնքի հայապահպան գոր­ծունէութեան համայնապատկերը եւ պիտի դառնայ անոր ինքնատիպ էջերէն մէկը: Այս ամէնուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տիկին Ժուլիա Մութլուին եւ պարոն Այթաչ Արազին, կը ցանկամ անոնց նորանոր յաջողութիւններ իրենց ձեռնարկներուն մէջ»-աւելցուց փոխնախարարը:

Արամայիս Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ հայ համայնքին, այն արուեստագէտներուն ու մշակութային գործիչներուն, որոնք անմնացորդ սիրով կը շարունակեն պահպանել ազգային հայկական արժէքները, կը ստեղծեն  նորերը եւ արժանապատիւ կեցուածքով ատոնք կը ներկայացնեն աշխարհին:

Փոխնախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրինութեան ցուցասրահը սիրով տրամադրելու համար:

Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Օգոստոս 26: