Նոր Հայաստանի Արշալոյսը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Գանձասար”-ի խմբագրական


Ապրելով Սփիւռքի մէջ, մեր ողջ ուշադրութիւնը բնականաբար կը կեդրոնանայ հայրենիքի քաղաքական զարգացումներուն վրայ:
Հայաստանը յեղափոխութիւն կ՛ապրի: Յեղափոխութիւն մը, որ կոչուած է բարելաւել երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կեանքը, վերացնել անվստահութեան մթնոլորտն ու փտածութիւնը, վերջ տալ շահագործումներուն, մենաշնորհումներուն, ժողովրդավարութեան ազատ ու խաղաղ ընթացքի խափանման փորձերուն ու վերջնականապէս քանդել արհեստական պատը ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն միջեւ:

Սա դրական յառաջխաղացք է, որուն յաջողութեան պէտք է նպաստեն ժողովուրդն ու քաղաքական ուժերը:
Ժողովուրդը իր աշխոյժ մասնակցութեամբ, քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներով ու այդ ծրագիրներուն լուսաբանման նպաստող հասարակական միջավայրի ապահովումով, իսկ իշխանութիւնները այս բոլորին ի նպաստ առողջ միջավայր ստեղծելու յանձնառութեամբ՝ զերծ մնալով քաղաքական դաշտին մէջ բաժանարար սահմանագծումներէն ու այլակարծութիւնը կաշկանդող փորձութիւններէն:

Ժողովրդարական պայքարը սկսած է, պայքար մը որ նոյնիսկ երկրի խորհրդարանը ժողովրդային հրապարակով ճնշումի տակ պահելու այլընտրանքը նկատի ունի, եթէ խորհրդարանը ժողովուրդէն խորթանալու ընթացք ունենայ: Սակայն ժողովրդային հրապարակի տեւական բանեցումը, իբրեւ խորհրդարանը քաղաքականօրէն հակակշռող մեքանիզմ, արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ որոշ փուլի մը համար, հաւանաբար մինչեւ խորհրդարանական արդար ընտրութիւններու իրականացում: Պէտք չէ մոռնալ, այդուհանդերձ, որ մեր երկիրը խորհրդարանական կառավարման համակարգի առաջին քայլերը կը թեւակոխէ, հետեւաբար առկայ փոփոխութիւնները պէտք չէ նսեմացնեն այդ համակարգին առողջ զարգացումը ու նման քայլերու նախօրէին նկատի ունենան սահմանադրական ընթացակարգը, սահմանադրութեան գերակայութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի պետութիւնը իրաւական պետութիւն է:

Յեղափոխութեան յաղթանակը այլընտրանք չունի: Անոր արժէքները պէտք է պահպանուին ու արդիւնաւորուին գործնականապէս, որովհետեւ ժողովուրդը մեծ յոյսերով կառչած է այս յեղափոխութեան, փտածութեան երեւոյթը սկսած է տեղի տալ արդէն, ուժի կիրառումը, քաղաքացին նսեմացնելու երեւոյթները խորթ են այլեւս Նոր Հայաստանին համար, պետութեան առաջին դէմքերն ու քաղաքական գործող ուժերը իրենց իսկ օրինակով կը մերժեն փտածութիւնը, այլակարծութեան կաշկանդումը, կաշառքը, կ՛ուրուագծեն քաղաքական գործիչի համեստ, պարկեշտ պահուածքն ու ժողովուրդին ակնկալութիւնները արդարացնելու յանձնառութիւնը: Ժողովուրդին հաւատքն ու վստահութիւնը վերականգնած է, սա պէտք է պահպանել ու դրական ուղղուածութիւն տալ անոր:
Վստահութեան մթնոլորտն ու քաղաքական կառուցողական ուժերու թափանցիկ գործելակերպն է որ պարարտ հող պիտի ստեղծեն միջազգային գետնի վրայ նոր վարկ ու համբաւ ձեռք բերած Նոր Հայաստանի ոստումնային զարգացումին համար:

Տնտեսական եւ ընկերային կեանքի բարելաւման ծրագիրներ, սահմանադրական կարգի ու օրէնքի պահպանում եւ խորհրդարանական համակարգի ամրապնդման նպաստող խորհրդարանական արդար ընտրութիւններու երաշխաւորում: Ահա այն հիմնաքարերը, որոնք պիտի նպաստեն յեղափոխութեան յաջողութեան ու քաղաքական տարբեր ուժերու Նոր Հայաստանի վերակառուցման մասնակցութեան:
Յեղափոխութիւնը շահագործող, յեղափոխական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը նսեմացնող ցեցեր միշտ ալ պիտի յայտնուին, էականը, այդ բոլորէն վեր, երկրի զարգացման ու անոր անվտանգութեան պահպանման, ժողովրդավարութեան ամբողջական կիրարկման նպաստող գործունէութեան լայն ու ազատ դաշտի պահպանումն է:

ՀՅԴ ընկերա-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները յստակ կերպով կ՛ուրուագծեն տնտեսական զարգացման, ազգային եկամուտի արդար բաշխման ու Հայաստանը բանուկ գործարանի մը վերածելու անհրաժեշտ միջոցները, տնտեսական քաղաքականութիւնն ու նախաձեռնելի քայլերը:
Այս եւ նման ծրագիրներու քննարկման ու կեանքի կոչման քայլերը եւս կը նպաստեն յեղափոխութեան յաղթանակին ու երկար սպասուած Նոր Հայաստանի կերտումին: