Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1.5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է՝ 1.5 միլիոն տոլարով, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:

Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ տեղադրուած է «Bursasehirportali.com» կայքին վրայ։

Նկատի ունենալով որ նշեալ անձը կը գտնուի արտասահման, վաճառքով կը զբաղի անշարժ գոյքի գործակալ մը:

Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային վարչութեան արձանագրութեանց մատեանին մէջ  1986-ին նշուած է, որ այդ կառոյցը եկեղեցի մը եղած է եւ լուսանկարներուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի քանդուած եկեղեցւոյ զանգակատունը:

Անշարժ գոյքի գործակալը՝ Թայֆուն Օզենկինլերի համաձայն՝ նշեալ թաղամասը նախապէս հայերով բնակեցուած եղած է, իսկ քեմալական շարժումէն ետք (կարդալ՝ Ցեղասպանութնենէն եւ Թուքրիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք) եկեղեցին տարբեր նպատակներով օգտագործուած է, իսկ աւելի ուշ լքուած է իր ճակատագիրին։

Մինչեւ 1915, Պուրսայի եւ յարակից շրջաններուն մէջ եղած են 17 հայկական եկեղեցիներ։ Անոնցմէ մէկն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք երկրի ղեկավարութեան հրամանով քանդուած էր եւ վերածուած միջնակարգ դպրոցի: Մնացեալ եկեղեցիները տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ վաճառուած են եւ փաստօրէն ջնջուած քաղաքին յիշողութենէն: