Վանի Հայկական Եկեղեցիին Կից Գերեզմանոցը Թուրքերը Վերածած են Ժամանցային Վայրի

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կից հայկական գերեզմանոցը վերածուած է ժամանցային վայրի, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

Թէեւ կղզիին մէջ կան անվտանգութեան աշխատակիցներ, այնուամենայնիւ, զբօսաշրջիկները կը քալեն գերեզմանոցի մէջէն, կը զբօսնին եւ  նոյնիսկ խնջոյք կ՛ընեն եւ կ՛աղտոտեն տարածքը:

10-րդ դարու քանդակագործութեան բնորոշ մոթիւներով քանդակուած շիրմաքարերուն մեծ մասը այժմ աւերուած է:

Բացի այն, որ զբօսաշրջիկները ժամանցային վայրի վերածած են հայկական պատմական գերեզմանոցը, նաեւ մեծ վնաս կը հասցնեն կիսաքանդ շիրմաքարերուն:

Այն զբօսաշրջիկները, որոնք կը պահանջեն յարգել շիրմաքարերը, կը յայտնեն, որ Թուրքիան գիտակցելով, որ եկեղեցւոյ շրջակայքը կ՛աղտոտուի եւ վնաս հը հասցուի թէ՛ եկեղեցիին եւ թէ՛ շրջակայքին գտնուող գերեզմանոցին, դիտաւորեալ չի վերահսկեր:

Հակառակ այս բոլոին, պետութիւնը մեծ գումարներ կը վաստակի կղզի այցելող զբօսաշրջիկներէն:

Յիշեցնենք, որ հայ ժողովուրդին համար պատմական նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցել, սակայն 4 տարի տեւած դադարէ ետք այս տարի կրկին պատարագ պիտի մատուցուելու: Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ 1-ինի հրամանով:

Վերոնշեալ գերեզմանոցը կը գտնուի եկեղեցւոյ հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան կողմը: