Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Համալրուեցաւ Այնթապի Հերոսամարտին Օգտագործուած Ատրճանակով

Հայաստան, Սփիւռք

Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին` 1920-ին օգտագործուած ատրճանակներէն մէկը Սուիրիայէն հասած է Հայաստան ու իր տեղը գտած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին մէջ: Զայն թանգարան–հիմնարկին նուիրած է ատրճանակի տիրոջ` Գրիգոր Բարսեղեանի թոռը` սուրիահայ հայրենադարձ Ճորճ Բարսեղեանը: «Արմենփրես»–ի հաղորդմամբ` Օգոստոս 29-ին կայացաւ նուիրատւութեան արարողութիւնը:

«Ատրճանակը պատկանած է իմ մեծ հօրը` Գրիգոր Բարսեղեանին: Ան զայն օգտագործած է Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին, յետոյ, երբ Սուրիա գաղթած է իր հետ տարած: Պապս ու հայրս անոր մասին շատ պատմութիւններ պատմած են: Այս ատրճանակին տեղը Հայաստանն է, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, քանի որ, մենք կը հաւատանք, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հոգիները կը գտնուին այս յուշահամալիրին մէջ»,- ըսած Ճորճ Բարսեղեան:

Ատրճանակը 1877-ի արտադրութեան է: Մինչ տեղափոխումը ատրճանակը գտնուած է Ճորճ Բարսեղեանի տունը` Դամասկոս: Յետոյ Ճորճը զէնքը յանձնած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն` զայն Հայաստան հասցնելու մտադրութեամբ: Տեղափոխման հարցերը լուծուած են մօտ 4 տարուան ընթացքին: Սուիրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի ջանքերով ու օգնութեամբ կրցած են արտօնութիւն ստանալ եւ զայն բերել: Դեսպան Փօլատեան յիշեց` այս զէնքը իրենց փոխանցած են սուրիական պատերազմի ժամանակ:

«Դժբախտաբար նաեւ պատերազմական պայմաններու պատճառով դժուարութիւններ յառաջացան տեղափոխման համար: Միայն վերջերս սուրիացի պաշտօնեաներու դիմելէ ետք կրցանք զայն փոխադրել Հայաստան»,- ըսաւ դեսպանը ու իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական իշխանութիւններուն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ատրճանակի մասին իմացած է անձամբ Ճորճ Բարսեղեանէն` մէկ ամիս առաջ:  Նախարարութիւն կազմակերպած է յանձնման արարողութիւնը: «Այս ատրճանակը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի: Այս լոկ զէնք չէ, անիկա կը խորհրդանշէ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայի ոգիի, կամքի ուժը, միասնականութիւնը»,-ըսաւ նախարար Հայրապետեան:

Յանձնման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամմետ Հաջ Իպրահիմը: