Արցախի Զբօսաշրջային Ոլորտէն Ներս Յաջողութիւններ Արձանագրուած են

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը մասնաւորապէս ներկայացուած է ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններու ընթացքին […]

Սուրիա եւ Իրաք Նոր ՀՀ Դեսպաններ Ունեցան

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Տիգրան Գէորգեան նշանակուեցաւ  Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Իրաքի Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է Հրաչեայ Փօլատեան։ […]

Հայ-ամերիկեան Յարաբերութիւնները Մեզի Համար Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունին. Ճոն Պոլթըն

ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը առաջին անվտանգութեան հարցերով խորհրդականն է, որ 1997 թուականէն ի վեր կ՛այցելէ Հայաստան: Այս մասին այսօր Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ […]

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճոն Պոլթըն Ընդգծած են Բարձր Մակարդակի Փոխայցելութիւնները Աւելի Յաճախակի Դարձնելու Անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր  25-ին ընդունած է ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան այցը Հայաստան` Նիկոլ Փաշինեան […]

Բրիտանական Enterprise Times-ը Երեւանը Ներառած է ՏԱ Ոլորտին Մէջ Ասպարէզի Լաւագոյն Հնարաւորութիւններ Ընձեռնող Քաղաքներու Շարքին

Բրիտանական գործարար արհեստագիտութեան Enterprise Times portalը ներկայացուցած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ասպարէզի լաւագոյն հնարաւորութիւններ ընձեռող 10 քաղաքներու ցանկը, ուր յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենեփրես»-ը, կայքի […]

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ Հանդիպեցաւ Հռոմի Պապին

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս Վատիկանի մէջ Հոկտեմբեր 24-ին հանդիպած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ:  Վեհափառ Հայրապետի «ֆէյսբուք»-ի պաշտօնական էջին մէջ հանդիպումը փաստող լուսանկարներ տեղադրուած են, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւն, ուր […]

«Կը Փորձէք Ձուլել Զանոնք, Որոնք Ձեզմէ Շատ Կապուած Են Այս Հողին». Թուրք Սիւնակագիրին Անդրադարձը` Աշակերտական Երդումը Վերականգնելու Մասին

Թուրք լրագրող եւ սիւնակագիր Օյա Պայտար անդրադարձած է Թուրքիսոյ դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդումը վերականգնելուն` նշելով, որ 1930-ականներուն ձեւաւորուած այս ազգայնական-քաղաքական մեթոտները չեն կրնար նոյն կերպով կիրառուիլ ու արդիւնքներ տալ մեր օրերուն, […]

Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլ Կը Մասնակցի «Կեցցէ’ Հայաստան» Խորագիրով Փառատօնին

Հայաստանը, մեր երկրի մշակոյթն ու պատմութիւնը պիտի ներկայացուի 2019 թուականի Պրազիլի փառատօնի ընթացքին: Նախաձեռնողը Սամպայի աւանդական եւ կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկն է` Սան Փաուլոյի «Ոսկէ վարդեր» (Rosas de Ouro) խումբը: Շքերթը […]

Մէկ Միլիոն Շիշ Հայկական Նուռի Գինի Չինաստան Պիտի Արտածուի

18 Հոկտեմբերին, Չինաստանի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրադեան եւ Չինաստանի Միջազգային ընկերակցութեան կազմակերպիչ յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Եոնգ ան […]

«Թուրքիոյ Լրատուական Դաշտը Խաւարի Մէջ է»

Թուրքիոյ մէջ գործող Ժամանակակից լրագրողներու միութիւնը այս տարուան Յուլիս–Սեպտեմբեր ամիսներուն մասին իր հերթական զեկոյցին մէջ հասած է այն եզրակացութեան, որ երկրին լրատուական դաշտը խաւարի մէջ կը գտնուի, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը: Հոն կը շեշտուի, որ ապրիլ 2017-ին կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն եւ այս տարուան Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ մէջ «բոլոր իրաւասութիւնները փոխանցուած են մէկ անձի, […]