Նիկոլ Փաշինեան Եւ Մինսկի Խումբի Համանախագահները Կ՛ուղեգծեն Խաղաղ Գործընթացի Յետագայ Հնարաւոր Քայլերը

Աշխարհ, Հայաստան

 Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 29-ին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:ِ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”։

Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան շեշտեց Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները անդրադարձան Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք Արցախի հիմնահարցի խաղաղ գործընթացի զարգացումներուն: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին այս տարուան Սեպտեմբերին Տուշանպէյի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց պայմանաւորուածութիւններու պահպանումը եւ անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը, որոնք պիտի նպաստեն փոխվստահութեան եւ խաղաղ գործընթացի համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման: Կողմերը ուղեգծեցին յետագայ հնարաւոր քայլերը: