«Ծովից Ծով» Հայաստանի Քարտէսը Իրարանցում Յառաջացուցած է Թուրքիոյ Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Գերմանիոյ Հայոց թեմի կողմէ Քէօլն քաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ժամանակ մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուած քարտէզը իրարանցում յառաջացուցած է թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ:

Քարտէսին վրայ Հայաստանը ներկայացուած է պատմական Հայաստանի սահմաններով, որ կը ներառէ ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները:

Թրքական աղբիւրը զայրացած է այն բանի համար, որ գերմանացի քաղաքական շրջանակները  որեւէ մեկնաբանութիւն չեն ըրած այդ քարտէսին վերաբերեալ:

Կը շեշտուի, որ քարտէսը մեծ դժգոհութիւն  յառաջացուցած է համացանցի մէջ` թուրք օգտատէրերու կողմէ:

Նշենք, որ քարտէսին մէջ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը նոյնպէս ներառուած է Հայաստանի սահմաններուն մէջ: