Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կապեր Չէ Հաստատած Երեւանի Հետ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի, Նոյեմբեր 6-ին յայտնեցին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ՝ աւելցնելով, որ որեւէ այլ տեսակի շփումներ նոյնպէս գոյութիւն չունին հայկական կողմին հետ: […]

Թուրքիոյ Մէջ Սուրճի Հայկական Ոսկէ Բաժակներ Վաճառքի Հանած Են

Թուրքիոյ խոշորագոյն համացանցային կայքերէն մէկուն մէջ վաճառքի հանուած են սուրճի հայկական ոսկէ բաժակներ: Վաճառողը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ ան 92.5 յարգի է եւ հայերու ձեռքի աշխատանք է: Կը նշուի, […]

Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցները Մտան Ուժի Մէջ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք երէկ ուժի մէջ մտան, «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն խիստն են»: […]

Արցախը Բանակցող Կողմ Դարձնելու Որոշումը Պէտք Է Գայ Հակամարտող Երկիրներէն․ Լաւրով

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ բանակցող […]

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը 900,000 Տոլար Նուէր Կը Ստանայ Ուաշինկթընէն

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ 3 Հոկտեմբեր թուակիր նամակէ մը իմացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման հիմնարկի հովանիին տակ գործող Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութիւնը որոշած է […]

ԱՄՆ-ի Հայկական Թանգարանին Մէջ Ներկայացուած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Իրերը

Ամերիկեան Մասաչուսէթս նահանգի Ուոթերթաուն քաղաքին մէջ մօտ օրէն պիտի բացուի ամերիկայի հայկական թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակներէն պահպանուած իրեր: Թանգարանի գլխաւոր տնօրէն Ճենիֆըր Լիսթըն Մանսոն նշած է, որ ցուցանմուշներուն մէջ կան առարկաներ, որոնք դեռ փաթեթներէն չեն հասած հանել, սակայն այժմ իրենք […]

Ուրարտական արուեստի բացառիկ նմուշներ Պիտի Ցուցադրուին Լոնտոնի Մէջ

Նոյեմբեր 8-ին Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի մէջ պիտի բացուի «Ես եմ Աշուրբանիպալը՝ Աշխարհի արքայ, Ասորեստանի արքայ» խորագիրով միջազգային ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ 2019 թուականի Փետրուար 24-ը: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի 200 […]

«Պէտք է Ուշադրութիւն Դարձնենք Ծպտեալ Հայերուն», Յայտնած է Հայկական Գերեզմանոցի Վրայ Զուգարան Կառուցած Թուրք Քաղաքապետը

Վանի էտրեմիթ (Արտամէտ-Ակունքի խմբ.) շրջանի ղեկավար Աթիֆ Չիչէքչին, որ միեւնոյն ժամանակ պետութեան կողմէ կարգուած է որպէս Արտամէտ քաղաքի կառավարիչ (հոգաբարձու), Վանի տեղական ռատիօկայանի եթերէն խօսած է հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած զուգարաններու հարցի մասին: Հանրային զուգարանը կառուցել տուած ու բարձրացած աղմուկէն ետք նոյնիսկ զայն կազմաքանդելէ հրաժարած թուրք պետական կառավարչը կրկին ժխտած է այդտեղ հին հայկական գերեզմանոց ըլլալու փաստը: Լողափի […]

Թուրքիոյ Մէջ Կանգուն Մնացած Սեմեն Եայլայի Եկեղեցին Վերանորոգման Կարիք Ունի

Ներկայիս Թուրքիոյ Օրտուի եւ Կիրեսունի (Կերասուն-ակունքի խմբ.) բնակիչներու կողմէ որպէս մզկիթ օգտագործուող Սեմեն եայլայի եկեղեցին մարտահրաւէր նետած է ժամանակին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Աղբիւրին համաձայն` սոյն […]

Շուէտ Առաջարկած է Հայաստանին Մատակարարել JAS-39 Gripen Կործանիչներ

Շուէտ առաջարկած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մատակարարել SAAB ընկերութեան արտադրութեան JAS-39 Gripen կործանիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը` վկայակոչելով REGNUM-ին: Ատիկա տեղի ունեցած է ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընի հայաստանեան այցէն […]