Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Տպաւորիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Աշխարհ, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 6ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը տպաւորիչ յաղթանակներ կրցաւ արձանագրել։

Արդարեւ, հայութեան հետ երկարամեայ կապեր ունեցող եւ անոր նեցուկ կանգնող Կեւըն Նիւսըմ ընտրուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ, սակայն նահանգային Ծերակոյտի նախկին նախագահ Քեւըն Տէ Լէոն չկրցաւ յաղթանակով աւարտել Տայէն Ֆայսնթայնի դէմ իր ընտրապայքարը, Ամերիկայի Ծերակոյտ հասնելու համար

Նահանգային մակարդակի վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին հայամէտ թեկնածուներ՝ Էլենի Քունալաքիս (փոխնահանգապետ), Ալեքս Փըտիա (նահանգային քարտուղար), Պեթի Լի (նահանգի ելեւմուտքի պետ), Ֆիոնա Մա (նահանգի գանձապետ) եւ Ռիքարտօ Լարա (ապահովագրական հարցերու պետ)։

Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, հայութեան երկարամեայ բարեկամ Էտըմ Շիֆ քուէներուն առաւել քան 76 տոկոսը խլելով՝ պարտութեան մատնեց իր մրցակից Ճանի Նալպանտեանը եւ այժմ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ան ստանձնէ Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբին ատենապետութիւնը։

Շիֆի կողքին, Քալիֆորնիայէն Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուեցան նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հետեւեալ ղեկավարներն ու անդամները՝ Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու, Թուլսի Կապարտ, Կրէյս Նափոլիթանօ, Թետ Լիու, Տեւըն Նունիէզ, Լինտա Սանչեզ, Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի ընտրութիւններուն, Անտրէաս Պորկաս (8րդ ընտրատարածք) յաղթանակ արձանագրեց։ Ան մօտիկ է Ֆրեզնոյի հայութեան եւ Հայաստան ու Արցախ այցելած է։ Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ հայամէտ Պապ Արչուլեթան (32րդ ընտրատարածք)՝ պարտութեան մատնելով Ռիթա Թօփալեանը։

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրողներուն շարքին էին՝ Էնթընի Ռենտըն (63րդ ընտրատարածք), Իըն Քալտերոն (57րդ), Ատրին Նազարեան (46րդ), Լորա Ֆրիտմըն (43րդ), Էվըն Լօ (28րդ), Աթըմ Պրուք (62րդ), Քրիս Հոլտըն (41րդ), Ճես Կապրիէլ (45րդ) եւ Լուզ Ռիվազ (39րդ), մինչ հայկական արմատներով Էլիզապէթ Ուորըն (76րդ) պարտութիւն կրեց։