Սուրիոյ Մէջ Աւելի Քան 6 Միլիոն Փախստականներ Կան. ՄԱԿ

Սուրիոյ մէջ տակաւին 6,2 միլիոն փախստականներ կան այն 5,5 միլիոն մարդոցմէ զատ, որոնք լքած են երկիրը բազմամեայ հակամարտութեան պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը, ՌԻԱ Նովոսթիին յայտնած Է Ամին Աուատ` […]

Փաշինեան Ասթանայի Մէջ Մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ասթանայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, կը տեղեկացնէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու  բաժինը: Վեհաժողովին մասնակցած […]

Տինքի Կեանքին Նուիրուած Ֆրանսերէն Վէպը՝ Մրցանակակիր

Ֆրանսացի վիպագիր Վալերի Մանթօ Ֆրանսայի նշանաւոր «Ռընոտօ» գրական մրցանակին արժանացաւ իր «Լը Սիյոն» («Ակօսը») վէպով, կը հաղորդէ “Մարմարա”-ն։ Յատկանշական է, որ հեղինակին երկրորդը հանդիսացող այս վէպը կը պատմէ թուրք ազգայնամոլի […]

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Տպաւորիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 6ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը տպաւորիչ յաղթանակներ կրցաւ արձանագրել։ Արդարեւ, հայութեան հետ երկարամեայ կապեր ունեցող եւ անոր […]

Իրաքահայ Վահիկ Քամալ Սարանեան` Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորհրդարանի Երեսփոխան

Վերջերս Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հայերը, որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, իրաւունք ունին խորհրդարանին մէջ ունենալ մէկ երեսփոխան: Ընտրութիւններուն մասնակցած էր 6 հայ թեկնածու` Վահիկ Քամալ Սարանեանը, Էտկար Յակոբը, Մուրատ […]

Գանատա-Հայաստան Պատգամաւորական Բարեկամութեան խումբը Կարեւոր Կը Նկատէ Երևանի Մէջ Գանատայի Դեսպանութիւն Բանալու Հարցը

Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են Գանատայի խորհրդարանի բոլոր խոշոր քաղաքական կուսակցութիւններու, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմենփրես»-ը, բարեկամութեան խումբի համանախագահ, Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Պրայեըն Մէյս […]

Լոս Անճելըսը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Միջազգային Համայնքին

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 5 Նոյեմբերին տարածուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւը՝ Արցախի ազատագրական շարժումին 30ամեակին վերաբերեալ, որ վաւերացուեցաւ խորհուրդին 7 Սեպտեմբերի նիստին ընթացքին: Ստորեւ […]

Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Քոնկրեսի Թեկնածուներուն 92 Տոկոսը՝ Յաղթական

Աննա Էշու, Ճեքի Սփիր եւ Էնթընի Պրինտիս ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՅ ԱՆԴԱՄԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու տարածքին 6 Նոեյմբերին տեղի ունեցած Քոնկրեսի  ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին […]

Իսրայէլի Հայկական եւ Միւս Եկեղեցիները Կը Պահանջեն Հաւասար Իրաւունքներ «Հրէայ Քոյր Ու Եղբայրներ»ուն Հետ

Երուսաղէմի հայ եկեղեցին եւ միւս հոգեւորականները Իսրայէլին կոչ ըրած են չեղարկել երկրին մէջ հրէաներուն ինքնորոշման «յատուկ» իրաւունք տուող օրէնքը: Այս մասին կը յայտնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակեչելով AFP-ն : «Հարկաւոր է իշխանութիւններու ուշադրութիւնը […]

Կարէն Ղազարեանի Դէմ Քայլերը Միջազգային Իրաւունքի Խախտումներ Են

Նոյեմբեր 6-ին, ատրպէյճանական մամուլին մէջ տեղեկութիւն  տարածուած է այն մասին, որ Գանձակ (Կանճա) քաղաքին մէջ սկսած է Հայաստանի գերի բռնուած քաղաքացի, Տաւուշ մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի բնակիչ Կարէն Ղազարեանի գործով […]