Արցախին Աջակցելու Կոչ` Աւստրալիոյ Կառավարութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ կառավարութեան` աջակցելու Արցախին:

Քանպերրայի խորհրդարանի արտաքին գործոց եւ աջակցութեան միացեալ յանձնախումբի նիստի բացման, Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան, հանդէս գալով աւստրալահայութեան անունով, յորդորած է կառավարութիւնը` մարդասիրական օգնութեան սահմանները տարածել դէպի Արցախի Հանրապետութիւն:

Ան կոչ ուղղած է աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու Արցախին, նաեւ վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Աւստրալիոյ դիրքորոշումը:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը դիմէ Աւստրալիոյ կառավարութեան` Արցախին օգնութիւն ցուցաբերելու խնդրանքով:

Կոմիտէն եւ անոր ենթայանձնախումբերը արտաքին հարցերու մասին տուեալներ եւ խորհրդատւութիւն կը տրամադրեն Աւստրալիոյ Ծերակոյտին, Ներկայացուցիչներու տան եւ նախարարներուն: Արտաքին գործոց եւ աջակցութեան ենթայանձնախումբի անդամներուն մէջ կան 19 ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ: