Ակնարկ. Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

(Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր գիրքը)

Միհրան Քիւրտօղլեան

Սեղանիս վրան է տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ  ԿԵԱՆՔԵՐ՝  ԻՆՉՊԷՍ  ՈՐ  ՏԵՍԱՅ» երկրորդ գիրքը, զոր վերջերս ուղարկած էր ան ինծի: 550 էջերէ բաղկացած պատկառելի ծաւալով հատոր մը, ուր մէկտեղուած են հայկական մամուլի մէջ իրենց ատենին հրատարակուած յօդուածները,  ինչպէս  առաջին հատորի պարագային էր: Այս երկրորդը կարելի է համարել առաջինին շարունակութիւնը իր շօշափած  նիւթերու պարունակով , որով եւ անհաւանական չէ ուրեմն, որ հետագային ալ շարքը երկարի՝  լոյսին տրուելիք նոյնատիպ նորերով:

Առաջին տպաւորութիւնը , որ ընթերցողը կ’ունենայ, շշմեցնող աշխատունակութիւնն է հեղինակին, որուն  քանի մը տարուան ընդգրկուն յօդուածագրութեան վաստակը ոչ միայն  կը հարստացնէ մեր մամուլին բովանդակութիւնը, այլեւ  հաւատարմօրէն ընթերցողը հաղորդութեան մէջ կը դնէ՝ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տեղակայուած հայ բեկորներու անձկութիւններուն հետ:

Իբրեւ աստուածաշնչական քարոզչութեան լծուած չյոգնող  գործիչ, Ծոցի էմիրութիւններէն Եմէն ու Ատիս Ապապա,  ասիական երկիրներէն  Եւրոպա,Արժանթին ու Բերու եւ մինչեւ Նիու Զելանտաներ, ամբողջ երկրագունդի շրջանը ընդգրկող իր ճամբորդական դեգերումներուն մէջ , հեռաւո՜ր, նոյնիսկ անծանօթ քաղաքներ կ’այցելէ ան,  մշտատեւ կը փնտռէ եւ անպայմա’ն կը գտնէ-կը յայտնաբերէ  հոս-հոն ծուարած հայ բեկորներու հոյլ մը, կը ջանայ զանոնք քով-քովի բերել, հանդիպումներ կ’ունենայ անոնց հետ , իր ապրած պահը կը պատկերէ  եւ քաղած փորձառութիւնն ու այդ մասին իր խորհրդածութիւնները յօդուածներու ճամբով  կու տայ հանրութեան: Եւ այնպիսի հետեւողականութեամբ  ու ոգիով, որ կարծէք այդ հրապարակումները քարոզիչի  նուիրական իր պարտքը կը սեպէ:

Այս տեսակէտէն,  Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածները ունենալով հանդերձ  գործուղղումներու մասին անուղղակի  զեկուցումներու երանգ, այդուհանդերձ,  անոնք  կը ճոխացնեն  գեղարուեստական  մեր գրականութեան անդաստանը շնորհիւ իւրայատուկ իր գրիչին, գրական ոճին եւ խորքային խորհրդածութեանց:

Ան իր խորհրդածութիւններուն շրջանակին մէջ կ’առնէ  սփիւռքահայու ազգային-հաւաքական ու ընտանեկան-անհատական կեանքի տագնապները, յոյսերն ու մաքառումները, դժուարութիւններն ու նուաճումները եւ այդ բոլորին մէջ հիանալի «յամառութեամբ» մը միշտ կը տեսնէ դրականը: «Անուղղելի» լաւատեսն է Հրայր Ճէպէճեան, որուն համար լաւատեսութիւնը այլընտրանք չունի: Լաւատեսութիւն մը, որ այնքան ալ հեռու չէ իրատեսութենէ:

Դժուար է հանդիպիլ հայ մարդու, որ իրեն պէս սփիւռքեան թափառումներու մէջ հայօճախներու հետ շփուի, անոնց խարխափումներուն , ամէն մարզի տեղատուութեանց ականատես ըլլայ,  բայց եւ այնպէս գիտակցաբար անտեսէ  զառիվար ընթացող անկումը , իր տեսողութեան կիզակէտ դարձնէ զոհաբերուող   հոյլը փոքրաթիւ մարդոց  եւ վկայէ, թէ  անոնք նուիրուած են մեծ ճիգերու՝ կարենալ մագլցելու համար դժուար զառիվերը, այսինքն լծուած են մեր կառոյցներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրական աշխատանքին: Կը մերժէ տեսնել անապատին ամայութիւնը եւ կը կառչի ովասիսին…:

Ամէ՜ն, ամէ՜ն  ինչ, մարդկային զգացումներ թէ անհետացած քաղաքի ու ազգի պատմութիւն անոր  մտքին մէջ ու գրիչին տակ անպայման կը կապուի, կը համեմատի ու կը յանգի հայու զգացումներուն, մեր ազգի պատմութեան ու ճակատագրին  եւ հայրենիքին: Այդ բոլորին մէջէն կ’որոնէ հայուն հին պատմութիւնը, որ «այսօր նոր տարազով ու նոր նուաճումներով  իր նոր պատմութիւնը կը կերտէ»:

Հրայր Ճէպէճեան  մէկ ու միակ ճշմարտութիւն ունի՝  Հայութիւնը, հայրենիքը եւ հողին ուժը: Անոր յօդուածներէն, նոյնիսկ տողերուն ընդմէջէն կը պոռթկայ իր այս միակ ճշմարտութիւնը: Տեղ մը կ’ըսէ «հայուն ամբողջական մշակոյթը ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու գրականութիւնը»  եւ տակաւին՝ «ցեղասպանութիւնն է ու պահանջատիրութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը»:

Ինքնաշարժէն կը դիտէ Մակարայ վանքին աւերակները եւ հոն կը տեսնէ հայուն կեանքը, որ կը շարունակուի, որովհետեւ  թէեւ  քանդուած են  Մակարայ վանքերը, բայց հաստատ  մնացած է  անոնց աւերակներէն եկող պատգամը՝ հաւատքը, «որ  հին է, սակայն ոչ հինցած եւ որ վկայութիւնն է հայուն ապրելու վճռականութեան: Հաւատք՝ ազգային, քրիստոնէական ու պահանջատիրական»…:

Սրտագրա’ւ, միաժամանակ թելադրակա’ն է «Ամմօ Արտոյին կոլերը» վերնագրով յօդուածը (էջ 296): Ամմօ Արտոն (Արտաւազդ Մարութեան)  30-ական թուականներուն եղած է նշանաւոր ֆութպոլիստ, մանաւանդ՝ կոլ նշանակող:  Փնտռուած խաղացող  է Սուրիոյ զանազան ակուբներէն ու ազգային խումբէն: Ամէն մրցախաղի կողմնակից մարզասէրները միաբերան կը կանչեն արաբերէն « Ո՜՜վ  Արտօ, կոլ կ’ուզենք»: (Եա՜՜ Արտօ, պեթնէ կոլ): Ամմօ Արտոն յուսախաբ չէր ըներ մարզասէրները, որոնք խաղի աւարտին յաղթապանծ  ախոյեանը ուսամբարձ կը պտուտցնեն թաղէ-թաղ:

Հրայր Ճէպէճեանի գրիչը  միայն պիտի կարենար այդ կոլերու  իւրաքանչիւրին մէջ տեսնել հայուն վերապրումը: Կը հաստատէ, թէ «Ցեղասպանութենէն ետք Ամմօ Արտոն եւ իրեն նման շատեր դարձան մեր հերոսները, որոնք մեր հոգիներուն մէջ դրին  հայուն ապրելու հպարտութիւնը: Իւրաքանչիւր կոլ քիչ մը աւելի արմատացուց այս հպարտութիւնը: Ատիկա առանց աշխատանքի չեկաւ, այլ անպայման կար պայքարը: Եւ  հայուն շարունակակութիւնը նոյնինքն այդ պայքարին մէջ է…»:

Վստահաբար հայու հաւաքական ու անհատական կեանքի մաքառումներուն եւ անձկութիւններուն խորքը կը պեղէ եւ սփիւռքահայու ներքին խռովքը կ’ապրի տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի այս նոր գիրքը կարդացողը:

Հեղինակին վարձքը կատար:

Աթէնք, 5 Նոյեմբեր 2018