Կարէն Ղազարեանի Դէմ Քայլերը Միջազգային Իրաւունքի Խախտումներ Են

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբեր 6-ին, ատրպէյճանական մամուլին մէջ տեղեկութիւն  տարածուած է այն մասին, որ Գանձակ (Կանճա) քաղաքին մէջ սկսած է Հայաստանի գերի բռնուած քաղաքացի, Տաւուշ մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի բնակիչ Կարէն Ղազարեանի գործով դատական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը։

Կարէն Ղազարեան, որ Պաքուի կողմէ կը ներկայացուի իբրեւ զինուորական գործողութիւն կատարող, անյայտ պատճառներով յայտնուած էր ատրպէյճանական տարածքին մէջ այս տարուան Յուլիսին: Ան ամբաստանուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի շարք մը յօդուածներով, ներառեալ՝ հասարակական ապահովութեան, սահմանադրական կարգի եւ պետութեան ապահովութեան դէմ յանցագործութիւններով: Կը պնդուի, որ Կարէն Ղազարեան փորձած է «ահաբեկչութիւն իրականացնել» Ատրպէյճանի մէջ:

Կարէնի գերեվարման օրէն ի վեր, հայկական կողմը փաստած է, որ Կարէն Ղազարեան երբեք չէ ծառայած հայկական զինուած ուժերուն մէջ: Աւելին, ան ունի առողջական հարցեր եւ 2013էն ի վեր դարմանումներու կը հետեւէր համապատասխան հաստատութիւններու մէջ: Բոլոր փաստերը հայկական կողմը ներկայացուցած է թէ՛ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ թէ Միջազգային Կարմիր Խաչի Երեւանի գրասենեակին:

Յատկանշական է, որ Կարէն Ղազարեանի գործով դատական նիստը սկսած է այն միջոցին, երբ կը քննուի Պաքուի առաջադրած՝ բոլոր գերիները եւ ձերբակալուածներր «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով փոխանակելու առաջարկը, որ հաւանաբար կատարուած էր միջազգային հանրութեան մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծելու համար, որ Պաքու այս հարցին կը մօտենայ կառուցողական դիրքերէ: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ Պաքու կը փորձէ ատրպէյճանցի ռազմագերիները փոխանակել իր մօտ պահուող գերեվարուած քաղաքացիներուն հետ, որոնք սխալմամբ անցած են սահմանը, բան մը, որ միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն խոտոր կը համեմատի։

Երբ Արցախի իշխանութիւնները մերժեցին ատրպէյճանական առաջարկը, Պաքու ընթացք տուաւ Կարէն Ղազարեանի «գործ»ին, որպէսզի առնուազն քարոզչական մակարդակով փորձէ հաւասարեցնել Հայաստանի քաղաքացիի եւ ատրպէյճանցի յանցագործներու «կարգավիճակը»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի տուեալներով՝ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած կը մնան երեք հայ քաղաքացիներ՝ Արսէն Բաղդասարեան, Կարէն Ղազարեան եւ Զաւէն Կարապետեան: Գանձակի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Արսէն Բաղդասարեանը դատապարտած է 15 տարուան բանտարկութեան, իսկ Կարէն Ղազարեանի եւ Զաւէն Կարապետեանի դէմ ներկայացուած են բաւական ծանր յանցագործութիւններու մասին մեղադրանքներ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք եւս պիտի դատապարտուին բաւական երկարատեւ բանտարկութեան:

Հայկական կողմին մօտ կը գտնուին ատրպէյճանցի երեք սահմանախախտ ռազմագերիներ: