Իսրայէլի Հայկական եւ Միւս Եկեղեցիները Կը Պահանջեն Հաւասար Իրաւունքներ «Հրէայ Քոյր Ու Եղբայրներ»ուն Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմի հայ եկեղեցին եւ միւս հոգեւորականները Իսրայէլին կոչ ըրած են չեղարկել երկրին մէջ հրէաներուն ինքնորոշման «յատուկ» իրաւունք տուող օրէնքը: Այս մասին կը յայտնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակեչելով AFP-ն :

«Հարկաւոր է իշխանութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել պարզ հանգամանքի մը վրայ: Մեր հաւատացեալ` քրիստոնեայ, իսլամ, տրուզ, պահայի եւ արաբ համաքաղաքացիները ոչինչով պակաս են մեր հրէայ քոյր ու եղբայրներէն»,- համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսած են Հայ կաթոլիկ, հռոմէական, սուրիական եւ յունական մելքիթական կաթոլիկ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները:

Ազգ-պետութեան մասին այդ օրինագիծը Քնեսէթի մէջ ընդունուած է Յուլիսին եւ Իսրայէլի սահմանադրութեան տէ ֆաքթօ մաս կը կազմէ: Ատով Իսրայէլը հրէաներու պատմական հայրենիքը կը ճանչցուի, իսկ արաբերէնը կը կորսնցնէ պետական լեզուի իր կարգավիճակը:

Արաբներու կարծիքով, տուեալ օրինագիծով կ’օրինականացուի ազգային խտրականութիւնը, քանի որ այնտեղ որեւէ կերպով չի նշուիր իրաւահաւասարութեան կամ ժողովրդավարութեան մասին: Մինչդեռ վարչապետ Նեթանեահու յայտնած է, որ օրինագիծով որեւէ կերպ չի փոխուիր երկրի գործող վարչակարգը, քանի որ հաւասարութիւնը արդէն իսկ ամրագրուած է Իսրայէլի օրէնքով:

Օրինագիծի ընդունումէն ետք արաբները, որ Իսրայէլի 9 միլիոն բնակչութեան մօտ 17,5% կը կազմեն, բողոքի ցոյցեր ըսած են, եւ որոշ հրէայ քաղաքական գործիչներ ըսած են, որ անիկա պէտք է փոփոխուի:

Հոգեւոր առաջնորդները նամակով պահանջած են, որպէսզի քրիստոնեաները, իսլամները, տրուզները, պահայիներն ու հրէաները հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներ ունենան:

«Որպէս եկեղեցւոյ առաջնորդներ` մենք կը պահանջենք, որպէսզի իշխանութիւնները փոխեն Հիմնարար օրէնքը այնպէս, որ Իսրայէլի իւրաքանչիւր քաղաքացի իրեն պետութեան կողմէ պաշտպանուած զգայ», – գրուած է յայտարարութեան մէջ: