Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Դադրեցուին. ոհաննես Հան

Uncategorized

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններն ու այդ երկրին հետ յարաբերութիւններու զարգացման այլ ուղի ընտրէ, ինչ որ աւելի անկեղծ պիտի ըլլայ: Այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հան նշած է, թէ Թուրքիոյ գործող իշխանութիւններուն օրով այդ երկրի անդամակցութիւնը իրատեսական չի թուիր:

«Երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ աւելի անկեղծ պիտի ըլլար համագործակցութեան այլ ուղիներ փնտռել Թուրքիոյ հետ եւ ամբողջովին դադրեցնել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները», ընդգծած է Հան: