Category: Աշխարհ
Հայաստանը Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի «AI & Big Data EXPO» Ցուցահանդէսին
ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը հրաւիրէ ընկերութիւնները՝ մասնակցելու ս․թ․ Մարտ 17-18 Լոնտոնի մէջ իրականացուելիք «AI & Big data EXPO» միջազգային ցուցահանդէսին (https://www.ai-expo.net/): Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան […]
Հայաստանի եւ Սուրիոյ Միջեւ Օդային Փոխադրութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ Մարտ ամսուն Սուրիոյ և Հայաստանի միջեւ ստորագրուի երկու երկիրներու միջեւ օդային փոխադրութեան մասին համաձայնագիրը։ Այս մասին «RT» կայանին յայտնած է Հայ-Արաբական Իրաւաբանական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Վահէ Մահշիկեան […]
«Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Տարածաշրջանի մէջ» Դասախօսութիւնը Օքսֆորտ Համալսարանէն Ներս
Անգլիոյ Օգսֆորտ համալսարանի Արեւելեան Ուսումնասիրութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ՝ «Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը» բնաբան-նիւթի ուսումնասիրութեան նուիրուած դասախօսական-հաւաքներու ծիրէն ներս, եւ որ անցեալ ութ տարիներուն վրայ երկարած ծրագիր-յայտագիրներէն մէկն է նոյն համալսարանին, ուր կը ներկայացուին […]
Ցեղասպանութիւններուն Նուիրուած Բովանդակալից ու Ազդեցիկ Հրապարակային Ելոյթ Փիրէայի «Jeanne D՚Arc» Կրթարանէն Ներս
Պոնտոսի յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան պատմական յուշին նուիրուած էր «Յոյն եւ հայ ժողովուրդներ. Երկու դարաւոր մշակոյթներ» նիւթով հրապարակային ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Փիրէայի յոյն-ֆրանսական «Jeanne D՚Arc» կրթարանէն ներս, Չորեքշաբթի՝ 19 […]
Հայաստանը Մասնագէտ Ուղարկած է Թեհրան՝ Երեւան Վերադարձողներուն Ինքնազգացողութիւնը Ստուգելու Նպատակով
Իրանի մէջ քորոնա ժահրի տարածման հետ կապուած՝ Հայաստանը մասնագէտ ուղարկած է Թեհրան՝ օդային ճանապարհով Երեւան վերադարձողներուն ինքնազգացողութիւնը օդանաւ նստելու ժամանակ ստուգելու, պատշաճ հսկողական քայլեր իրականացնելու նպատակով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած […]
Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպած է Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Հետ
Ժընեւի մէջ, Փետրուար 25-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիգոս Տենտիասի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան […]
Հայերը Կը Տնօրինեն Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ԶԼՄ-ներն ու Այլ Որորտները. Էրտողանի Խորհրդական
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ներկայացուցիչ Իսմայիլ Սաֆին, ատրպէյճանական APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու ցանկը հետզհետէ կ՝աւելնայ եւ […]
Զոհրապ Մնացականեան Ճոզէֆ Պորելին Ներկայացուցած է ԼՂ Հիմնահարցին Գծով Հայաստանի Սկզբունքային Մօտեցումները
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Փետրուար 25-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ճոզէֆ Պորելի հետ: Այս մասին […]
Մահացած է Եգիպտոսի Նախկին Նախագահ Հուսնի Մուպարաքը
Գահիրէի մէջ 91 տարեկանին մահացած է Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաքը: Մինչեւ 2011 թուականի ռազմական յեղաշրջումը ան մօտ 3 տասնամեակ նախագահած է երկիրը: Յեղաշրջումէն ետք Հուսնի Մուպարաքը դատուած է փտածութեան, պաշտօնէական դիրքի […]
Իսրայէլի Մէջ ՀՀ Դեսպանի Նստավայրը Թել Աւիվ Կը Տեղափոխուի
Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նստավայրը տեղափոխուած է Թել Աւիվ: ՀՀ նախագահը Արմէն Սմբատեանը Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակելու հրամանագիրին մէջ ստորագրած է փոփոխութիւններու հրամանագիր, որմով կ՝արձանագրուի, որ Իսրայէլի մէջ […]









