Հայաստանը Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի «AI & Big Data EXPO» Ցուցահանդէսին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը հրաւիրէ ընկերութիւնները՝ մասնակցելու ս․թ․ Մարտ 17-18 Լոնտոնի մէջ իրականացուելիք «AI & Big data EXPO» միջազգային ցուցահանդէսին (https://www.ai-expo.net/): Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւնները հեղինակաւոր այս ցուցահանդէսին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն «Armenia» միասնական տաղաւարով։

Հայաստանեան ընկերութիւններուն հնարաւորութիւն կ՝ընձեռուի միասնական տաղաւարի ծիրէն ներս ներկայացնելու իրենց արտադրանքն ու նորարարական լուծումները, ձեռք բերելու նոր գործընկերներ, ընդլայնելու իրացման ու գործակցութեան շուկաները:

Ցուցահանդէսին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած եւ ընտրուած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու գիշերակացը (3 գիշեր) եւ տաղաւարին մէջ ներկայացուածութիւնը պիտի հոգայ ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը։

Յայտադիմումը եւ մասնակից ընկերութիւններու ընտրութեան չափորոշիչները ներկայացուած են AI-EXPO Application Form-ին մէջ։

Յայտադիմումի լրացման վերջնաժամկէտն է Մարտ 1-ը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել 010.59.01.27 թիւին

կամ գրել հետեւեալ ել․փոսթի հասցէին` info@hti.am։