Category: Աշխարհ
Հակառակորդը Հարուածային ԱԹՍ-ներ Կը Կիրառէ
Ատրպէյճանը, դարձեալ խախտելով մարտական գործողութիւններու եւ կրակի դադրեցման համաձայնութիւնը, կը կիրառէ հարուածային ԱԹՍ-ներ, նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջէն։ «Կը ԶԳՈւՇԱՑՆԵՆՔ, […]
ՀՀ-Ատրպէյճան Սահմանագիծին Լարուածութիւնը Մթնոլորտ Ստեղծեց, Որ ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանի Պաշտպանական Միջոցներու Տրամադրման Արգելափակման Հարցը Հրատապօրէն Քննարկէ. Կիրօ Մանոյեան
Քանի մը ամիս է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի, բայց այս օրերը ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանագիծի լարուածութիւնը, կարելի է ըսել, հարցը շտապօրէն քննարկելու մթնոլորտ ստեղծեց: Այսպիսի կարծիք յայտնեց […]
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանին Վրայ Ատրպէյճանական Յարձակումին Վերաբերեալ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Կիրակի, 12 Յուլիս 2020-ին, ատրպէյճանական ուժերը փորձեցին ու ձախողեցան Հայաստանի հիւսիս արեւելեան սահմաններ ներթափանցել. այդպիսով անոնք բռնութեան մագլցում կատարեցին […]
Ալիեւ Պաշտօնազրկած Է Ատրպէյճանի ԱԳՆ Մամետեարովը
Էլմար Մամետեարովը զրկուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց, այս մասին հրամանագիր ստորագրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Էլմար Մամետեարովը […]
«Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ» Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը՝ Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Վերաբերեալ
Հայոց Ցեղասպանութեան բաղադրիչներէն մէկը մշակութային ցեղասպանութիւնն է: Անիկա չսկսաւ ու չաւարտեցաւ 1915-1923 թթ., անիկա կը շարունակուի մինչ օրս: Հարիւր տարի առաջ անիկա իր դրսեւորումը գտած է ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի, այնպէս […]
Թուրքիան Դարձեալ Ցոյց Կու տայ Իր Իրական Էութիւնը. ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Հաղորդագրութիւնը
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի որոշումով Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա տաճարը (որ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած է իբրեւ թանգարան) մզկիթի վերածելու քայլը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն իրական էութիւնը: Հակառակ ստանձնած […]
Amazon Ընկերութիւնը Կայքէն Հեռացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Գիրքը
«Ասպարէզ»ին մէջ իր հեղինակային յօդուածին մէջ Շանթ Ջարչաֆճեանը տեղեկացուցած է, որ իր բողոքի արդիւնքով յայտնի Amazon ընկերութիւնը կայքէն հեռացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրք մը: Թէեւ «Amazon» ընկերութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ […]
Համանախագահները Ողջունեցին Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Բանակցելու Պատրաստակամութիւնը
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հանդիպումէն ետք համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնդրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդէս եկան յայտարարութեամբ: Համանախագահներուն յայտարարութեան […]
Ալիեւ Խստօրէն Քննադատեց Մամետեարովը
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դժգոհութիւն յայտնած է իր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն։ «Կը կարծեմ, թէ մեր դիւանագիտութիւնը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ։ Ես բազմիցս նշած եմ, որ […]
Ատրպէյճան Ունի Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ․ Դաւիթ Տօնոյեան Կապ Հաստատած է Անճէյ Քասփրչիկի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի «Ֆէյսպուքեան» էջէն․ […]










