ՀՀ Վարչապետը Աշխատանքային Այցով Պելառուսիա Մեկնած Է

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 16-ին, աշխատանքային այցով մեկնած է Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Կառավարութեան ղեկավարը, Յուլիս 17-ին, Մինսկի մէջ պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին: